
ՓՕԼ ՊՕՂՈՍ ՔՈՒՇԱՐԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝ Փօլ Պօղոս Քուշարեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 7 Յունուար 2023ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Սանթա Անայի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, 5315 W. McFadden Ave., Santa Ana, CA 92704:
Սգակիրներ՝
Կինը՝ Անի Սեդա Քուշարեան
Զաւակը՝ Լեւոն Քուշարեան եւ Պրանտոլին Փեթըրսըն եւ զաւակները՝ Էնթընի եւ Էնտրու
Դուստրը՝ Լարա եւ Սթիւ Կուտսուզեան եւ զաւակները՝ Սերան, Գարուն, Ստեփան եւ Նուէր
Քոյրը՝ Ռօզա Մազլումեան
Քրոջ դուստրը՝ Սիլվա Գասպարեան եւ ընտանիք
Քրոջ դուստրը՝ Կրէյս Մինասեան եւ ընտանիք
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի եկեղեցւոյ կից «Ղուկասեան» սրահին մէջ
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀԲԸՄին (AGBU, 2495 E. Mountain Ave., Pasadena, CA 91104) կամ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ (Forty Martyrs Armenian Apostolic Church, 5315 W. McFadden Ave., Santa Ana, CA 92704):