
Շաբաթ, 4 Դեկտեմբերին, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» Ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մայրերու եւ ուսուցչուհիներու միութեան Ս. Ծննդեան տարեկան ճաշկերոյթը: Անիկա կազմակերպուած էր՝ նպատակ ունենալով հասոյթի ապահովումը միութեան բարեգործական բազմաթիւ ծրագիրները յաջողցնելու համար:
Ձեռնարկի տոմսերը արդէն սպառած էին Նոյեմբերի կիսուն: Առ այդ, սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր միութիւնը քաջալերելու եկած հայ տիկիններով:

Հայ մայրերու եւ ուսուցչուհիներու միութիւնը հիմնուած էր անցեալ տարի, խումբ մը նուիրեալ հայ մայրերու եւ ուսուցչուհիներու կողմէ՝ օգնութեան հասնելու համար Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապին յառաջացուցած դժուարութիւններուն մէջ չքաւոր ընտանիքներու եւ անոնց դպրոցական տարիքի զաւակներուն:
«Մեր միութեան միակ նպատակը օգնելն է հայ օճախին, հայ մօր եւ հայ փոքրիկին, անոնց արցունքները հեռացնելով՝ ուրախութիւն զետեղելը: Հիմնուելով մարդկային արժանիքներու՝ ճշմարտութեան, հաւատարմութեան եւ անկեղծութեան վրայ, առանձնայատուկ ճամբաներով, ոչ մէկ կազմակերպութեան կամ կուսակցութեան հետ կապ ունենալով, «մենք բոլորս հայ ենք» լօզունգով կը տանինք մեր գործը», կ՛ըսէ միութեան վարչութեան ատենապետուհի Արփի Ատուրեան Արփաճեան՝ աւելցնելով. «Մենք յաջողութեան ճամբուն մէջ ենք. մեր ցանած հունտը արդէն իսկ ծիլ տուած է եւ կը շարունակէ աճիլ Լիբանանի եւ Հալէպի հայ օճախներուն մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ գաղութի աշխոյժ անդամներէն Սիլվա Գաւուգճեան բեմ հրաւիրուելով՝ իր սրտի խօսքը կը յայտնեց: «Արժեւորելով հայ մեծ մայրը, հայ փոքրիկը եւ հայ մշակոյթը՝ Հայ մայրերու եւ ուսուցչուհիներու միութիւնը կը տանի իր սուրբ գործը», ըսաւ ան:
Ճաշկերոյթին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ փոքրիկն Մէրի Մինասեան, որ իր գեղեցիկ ձայնով կատարեց 4 երգեր՝ պատճառ դառնալով որոտընտոստ ծափահարութիւններու։

Միութիւնը անցեալ տարուան Ամանորին առիթով, Լիբանանի մէջ, Հայ Աւետարանական դպրոցի աշակերտներուն ուղարկեց նուէրներ եւ անոնց ծնողներուն՝ գնումի կտրոններ (coupon):
Այժմ, արդէն ամիսներէ ի վեր, նոյն դպրոցի աշակերտներուն շաբաթը անգամ մը նախաճաշ կը հիւրասիրուի, նաեւ տարին քանի մը անգամ՝ ճաշ: Իսկ այս տարի, բոլոր փոքրիկներուն Կաղանդի նուէրներ պիտի բաժնուին եւ դպրոցի 50 ընտանիքներու դարձեալ գնումի կտրոններ պիտի բաշխուին. իսկ Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի աշակերտներու 30-50 ընտանիքներուն նոյնպէս օժանդակութիւն պիտի հասնի:
Միութիւնը իր ձեռքը երկարեց դէպի Հալէպ եւս՝ մեր հայրենակիցներու դժուարութիւնները մեղմացնելու նպատակով. ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Հալէպի Միացեալ Ազգային վարժարանի 50 ընտանիքներու օգնութիւն հասցուց, նաեւ 60 ուսուցչուհիներու, 21 քաղցկեղէ տառապողներու, Հայ ծերանոցի 70-100 մայրիկներուն համար ճաշկերոյթ կազմակերպեց եւ անոնց համար ուղարկեց վառարաններ, կիրակնօրեայի 170 աշակերտներու համար կօշիկներ (անցեալ տարի) եւ դպրոցական պայուսակներ, ներքնազգեստներ եւ ուտելիք (այս տարի) նուիրեց:
Տարուան ընթացքին, միութիւնը ապահովեց ծախսերը աչքի վիրահատութեան շտապ կարիքը ունեցող Հալէպ ապրող մանուկի մը:
Հայ մայրերու եւ ուսուցչուհիներու միութեան վարչութեան անդամներն են՝ Արփի Ատուրեան Արփաճեան՝ ատենապետուհի, Իրմա Աքլեան՝ փոխատենապետուհի, Յասմիկ Քլճեան, Սեդա Արփաճեան, Անի Թաճիրեան, Սեդա Իգնատոսեան, Սեդա Մինասեան, Մանուշակ Մքրոյեան, Վարդուհի Յարութիւնեան, Սոնա Պաղտոյեան, Լիզա Պաղտոյեան եւ Անի Չոլաքեան: