Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի քննադատեց Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը՝ Իրանի մէջ ցոյցերու պատճառով Թեհրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելուն համար, կը հաղորդէ «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը:
«Միացեալ Նահանգները, որ կ՛աջակցի ցոյցերուն եւ ահաբեկչութեան, պատժամիջոցներ կը հաստատէ իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ եւ անոր դէմ առաւելագոյն ճնշման արշաւի կը ձեռնարկէ, իրականութեան մէջ կոկորդիլոսի արցունքներ կը թափէ իրանցիներուն համար», ըսաւ դիւանագէտը:
Քենաանի կ՛արձագանգէր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայսի այն յայտարարութեան, որուն մէջ իրանցի ժողովուրդին աջակցութիւն յայտնած էր՝ «իշխանութիւններուն կողմէ ճնշման ենթարկուելու առիթով»: Փրայս յայտարարութիւն կատարած էր ձմեռնային արեւադարձի՝ Իրանի մէջ նշուող «Շապ է Եալդա» (Եալդայի գիշեր) տօնին առիթով:
«Լաւ պիտի ըլլայ, որ ահաբեկիչներու դաշնակիցները լռեն եւ մտածեն իրենց ճգնաժամերուն մասին, որոնցմէ կը տառապին իրենց ժողովուրդը», աւելցուց Քենաանի:
Միացեալ Նահանգները անցեալ շաբաթ պատժամիջոցներ հաստատեց իրանեան «Իմեն Սանաթ Զաման Ֆարա» զրահապատ մեքենաներ արտադրող ընկերութեան եւ քանի մը անձերու դէմ՝ Իրանի մէջ սկսած բողոքի ցոյցերու պատճառով: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը հաղորդուի, որ սահմանափակումներու ցանկին վրայ յայտնուած է նաեւ Իրանի ընդհանուր դատախազ Մոհամետ Ճաֆար Մոնթազերի:
Ցանկին վրայ ընդգրկուած են նաեւ «Պասիժ» իսլամական ժողովրդական աշխարհազօրային ուժերու ղեկավարի տեղակալ Հիւսէյն Մարուֆ եւ համացանցային ապահովութեան բաժինի ղեկավար Մուսլեմ Մուէյն:
Իրանի մէջ ցոյցերը եւ անկարգութիւնները սկսած էին Սեպտեմբերին՝ 22ամեայ Մահսա Ամինիի յուղարկաւորութենէն ետք: Բարոյականութեան ոստիկանութիւնը Ամինը ձերբակալած էր լաչակը ոչ-պատշաճ կերպով կրելուն համար, որմէ ետք ան բանտին մէջ մահացած էր: