15րդ օրն է, որ Արցախը շրջափակման մէջ է: Վերջին օրերուն ակնկալութիւն կար, որ 26 Դեկտեմբերին, Լաչինի միջանցքը փակած ատրպէյճանցիները հեռանան, եւ ճամբան բացուի: Օր մը առաջ այս մասին յայտնեցին ռուս խաղաղապահները՝ անցակէտը հասած արցախցիներուն:
«Ասաց նա, որ ամսի 26ին տեղի է ունենալու բարձրագոյն ղեկավարութեան հանդիպում, որի ընթացքում վերջնականապէս այս հարցը լուծուելու է, եւ ասաց, որ ճանապարհը պէտք է, որ բացենք», «Ազատութեան» յայտնեց «Վաղուայ Արցախ» կուսակցութեան ղեկավար Տիգրան Պետրոսեան:
Ըստ անոր՝ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի փոխհրամանատարը վստահեցուց՝ «ձեզ՝ արցախցիներդ պիտի չնեղացնենք»:
Սակայն, արցախցիները պաշարման մէջ են: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Արցախի կառոյցը «Ազատութեան» տեղեկացուց, թէ որեւէ նոր պայմանաւորուածութիւն չկայ ծանր հիւանդներու տեղափոխութեան կամ մարդասիրական բեռ արցախցիներուն հասցնելու վերաբերեալ: 25 Դեկտեմբերին, Կարմիր Խաչի բեռնատարով եւ միջնորդութեամբ Հայաստանէն 10 թոն դեղորայք եւ ուտելիք հասաւ Արցախ: Շրջափակումէն կէս ամիս ետք, ամէն օր կը խորանայ ուտելիքի, դեղորայքի եւ վառելանիւթի ճգնաժամը:
Բացի այդ, Կարմիր Խաչը Արցախէն տեղափոխեց 4 օտար քաղաքացիներ, որոնք առողջական հարցեր ունին եւ կ՛ուզեն մեկնիլ իրենց երկիրները: