Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաք յայտարարեց, որ Ռուսիա կ՛աւելցնէ Ատրպէյճանին մատակարարուող կազի ծաւալները:
«Ատրպէյճանի հետ մեր մատակարարումները աւելցնելու պայմանաւորուածութիւն կայ: Անիկա ձեռք բերուած է, որվհետեւ այդ երկրին մէջ դեռ կազի պակաս կը նկատուի: Հետագային, երբ անոնք աւելցնեն կազի արտադրութեան ծաւալները, մենք կրնանք քննարկել նաեւ մատակարարումներու կարելիութիւնը», ըսաւ ան:
«Կազփրոմ» ընկերութիւնը, նոր պայմանագիրի հիման վրայ, սկսած էր 15 Նոյեմբերէն կազ մատակարարել Ատրպէյճանին: Ըստ այդ փաստաթուղթին՝ մինչեւ Մարտ 2023, Ռուսիա շուրջ մէկ միլիառ խորանարդ մեթր կազ պիտի մատակարարէ Ատրպէյճանին:
«Ռուս-ատրպէյճանական պայմանաւորուածութիւնները եղանակային բնոյթ ունին. առաջին անգամ անոնք կնքուեցան 2021ին: Անոնց հիման վրայ ամրան ամիսներուն Ատրպէյճան կազ կը մատակարարէ Ռուսիոյ, իսկ ձմրան՝ Ռուսիան Ատրպէյճանին», կը յիշեցէ «Թասս»ը:
Գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Նովաք չի բացառեր, որ յառաջիկային Ռուսիա նաեւ աւելցնէ կազի արտածումը Թուրքիոյ տարածքով: