Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու 2022ի ամփոփիչ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակին՝ յայտարարելով. «Անկասկած, Լաչինի ճամբու վերջին իրադարձութիւնները Հայաստանի համար անկեղծութեան քննութիւն պիտի ըլլան»:
Ըստ «Ազատութիւն» կայանին՝ ան ըսաւ, թէ «եղբայրական Ատրպէյճանի ընդերքը թալանելու փորձերը անընդունելի են»:
Չաւուշօղլու խօսեցաւ նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացին մասին եւ կրկնեց Անգարայի յայտնի դիրքորոշումը, թէ Հայաստանի հետ կապերը բնականոնացնելու առումով Անգարա իր քայլերը սերտօրէն կը համակարգէ Պաքուի հետ: «Եղբայրական Ատրպէյճանի հետ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի բարձրագոյն մակարդակով», ըսաւ Չաւուշօղլու:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելու՝ ատրպէյճանցիներուն կողմէ Արցախի շրջափակման վերջ տալու ուղղութեամբ եւ ընդգծեց, որ ժամ առաջ պէտք է վերջ տրուի այդ շրջափակման:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Փայլան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Լաչինի միջանցքը, որ Արցախը Հայաստանին միացնող հաղորդակցութեան միակ ուղին է, իրենք զիրենք «բնապահպան» համարող ատրպէյճանցիներու խումբի մը եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան պաշտօնեաներուն կողմէ փակ կը պահուի աւելի քան երկու շաբաթ է: Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալուն իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ուտելիքի, դեղի եւ հիմնական կարիքները ապահովելու տագնապը հետզհետէ կ՛աճի: Արցախի 120 հազար հայ բնակչութիւնը շրջափակման մէջ է: Մարդկային տագնապի վերածուող այս շրջափակման ժամ առաջ պէտք է վերջ տրուի»:
Ան կը շեշտէ, որ Թուրքիա պէտք չէ անտարբեր մնայ Արցախի մէջ հետզհետէ աճող այս մարդկային տագնապին հանդէպ: Քաղաքական ուժերը պէտք է անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկեն: «Արցախի շրջափակման վերջ տալու ուղղութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնելու կոչ կ՛ուղղեմ նախագահ Էրտողանին», կ՛ըսէ Փայլան:
Ան դիտել կու տայ, որ Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումը Թուրքիոյ օգտին է: «Եթէ Արցախի մէջ մարդկային տագնապին վերջ տալու համար բոլորս պատասխանատուութիւն ստանձնենք՝ թէ՛ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ եւ թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ կրնանք վերադառնալ դրական օրակարգի», կ՛եզրափակէ Փայլան: