Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբերի երեկոյեան, պատկերասփիւռի Պի. Պի. Սի. կայանը հաղորդեց իսկապէս զգայացունց լուր մը. քանատացի գիտնական բժիշկներ հնարած են ելեքտրոնիկ սարք մը, որ լոյսի յոյս կու տայ կոյրերուն։
Սարքը կազմուած է ոսպնեակէ մը, որ կապուած է ելեքտրոնիկ «զգայարանքով» օժտուած սալիկի մը, որ, իր կարգին, կը գործէ համակարգիչի մը օժանդակութեամբ. նկատի ունենալով, որ մարդկային լեզուն զգայարանքներու համակարգին կապուած է, ենթական այդ սալիկը կը զետեղէ լեզուին վրայ. ոսպնեակ-սալիկ-լեզու համակարգին ճամբով, ոսպնեակին քաղած տեղեկութիւնները կը փոխանցուին ուղեղի այն հատուածին, որ այլապէս աչքով քաղուած տեղեկութիւնները պիտի վերածնէր։ Այսպիսով, կոյր անձ մը կը սկսի «տեսնել» իր դիմաց գտնուող արգելքներ ու որոշ պատկերներ…
Գիւտարարները կ՚ըսեն, որ սարքը տակաւին նախնական ու փորձառական փուլի մէջ է, բաւական մեծ զանգուած մը, թէեւ առաջին փորձերը քաջալերական են ու յուսատու։ Նորահնար սարքին կատարելագործումէն ետք, կարելի պիտի ըլլայ շատ աւելի փոքրածաւալ սարքեր ունենալ ու զանոնք գործածութեան դնել նուազ տեսանելի դրոյթներու միջոցով, շատ աւելի զարգացած «տեսողութեամբ»։
***
Սքանչելի գիւտ մը, արդարեւ։ Նման հնարքներու ի տես, մարդս միայն յարգանք կրնայ տածել հանդէպ գիտնականները, նաեւ հպարտանալ մարդկային ուղեղի նման բարենպատակ արտադրութիւններով։
… Մաղթելի է, որ գիտնականները նմանօրինակ սարքեր արտադրեն քաղաքական աշխարհի կարգ մը ղեկավարներուն համար ալ, որոնք տեսողութիւն ունենալով հանդերձ, աշխարհը կ՚առաջնորդեն կոյրերու պէս։