
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
«Մենք ճամբայ ունինք
Պիտի հասնինք Սասուն
Հայերի հողը մեզ է սպասում» (ազգային երգ)։
Շաբաթ, 17 Դեկտեմբերը Իրաքահայերու Հայ ընտանեկան միութեան շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ տօնական անխառն մթնոլորտ մը կը տիրէր: Այդ օր դպրոցի աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհիին եւ աննման նուիրեալ ուսուցիչներուն ստեղծած հայաբոյր մթնոլորտի մէջ՝ երգով, արտասանութիւններով, կենդանի պատկերներով նշեցին Նոր Տարուան եւ Քրիստոսի մեծախորհուրդ եւ Ս. Ծննդեան օրը, ներկայութեամբ միութեան վարչութեան ատենապետուհիին՝ տոքթ. Մարալ Անճարկօլեանի, դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետին, խանդավառ ծնողներու եւ յորդահոս բազմութեան:
Առաւօտեան ժամը 10ին, 90 աշակերտ-աշակերտուհիներ՝ տօնական օրերու վայել զգեստներով, տօնական երգերու եւ ծափերու կշռոյթներով բեմ բարձրացան: Անոնք լիաթոք եւ միաբերան կատարեցին «Տէրունական» եւ «Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ Տէր» աղօթքները, որմէ ետք անոնք երեք խումբերով ելոյթ ունեցան:


Վարժարանի տնօրէնուհի Անահիտ Խաչատուրեանի բարի գալուստի եւ բացման շնորհաւորական ջերմ խօսքէն ետք, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Ա. Բ. եւ Գ. դասարաններու բաժնուած 90 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք շուրջ 40 արտասանութիւններ, երգեր եւ խօսքեր ըսելով՝ շէն մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ:
Անոնք Ձմեռ պապիկին խոստացան լաւ զաւակներ ըլլալ, իրենց հայրերը, մայրերը, եղբայրները եւ քոյրերը սիրելու կողքին յարգել եւ սիրել նաեւ իրենց բոլոր հարազատները, իրենց մայր հայրենիքը, մայրենի լեզուն եւ մեր ժողովուրդի հաւատքի կեդրոն եւ աղբիւր Հայ առաքելական եկեղեցին:
Նախքան իւրաքանչիւր խումբի ելոյթը, բաժինի պատասխանատու ուսուցչուհին իր սիրտի եւ շնորհաւորական ելոյթով կ՛ողջունէր ներկայ ծնողները եւ իր սիրաջերմ մաղթանքներով կը շնորհաւորէր աշակերտութեան, ծնողներուն, հայրենի ժողովուրդի եւ ամբողջ հայութեան տօնական օրերը: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած այս հանդիսութեան ընթացքին, ժողովուրդը անձանձրոյթ եւ մեծագոյն հաճոյքով եւ բացագանչութիւններով իր գնահատանքը ու հիացումը կը յայտնէր իրենց զաւակներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան:
Ծնողները այնքան ուրախ եւ գոհ էին, որ ծաղկեփունջերով իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնէին ուսուցիչներուն եւ տնօրէնուհիին:

Վերջաւորութեան հասաւ փոքրիկներուն սպասած պահը՝ իրենց հանդիպումը Ձմեռ պապիկին (կաղանդ պապային) հետ: Ներկաները երգով, ծափերով, բացագանչութիւններով շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ դիմաւորեցին այս համով-հոտով Ձմեռ պապին, որ ծանրաբեռնուած էր նուէրներով։ Բոլոր աշակերտները առանձին կամ ծնողներուն հետ նկարուեցան, որմէ ետք սկսաւ դպրոցի Ծնողաուսուցչական մարմնին կողմէ պատրաստուած եւ նուիրուած ճաշկերոյթը. աշակերտները հրաւիրուած էին հացկերոյթի մը, որմէ ետք սկսաւ խրախճանքի բաժինը։ Բոլոր ներկաները շուրջպարերով, շալախոներով եւ եարխուշթայի նուագներու եւ ազգային ու հայրենասիրական երգերու կշռոյթներու վրայ շուրջ մէկ ժամ պարելէ ետք, վերջ գտաւ այս անմոռանալի ձեռնարկը:
Անկեղծօրէն յիշենք, թէ մեր դպրոցի 44 տարիներու պատմութեան մէջ նման հայաբոյր դպրոցական հանդէս մը չենք ունեցած. բացակաները իրապէս հոգեկան մեծ հաճոյքէ մը զրկուեցան:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր դպրոցի պատասխանատուները, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցիչները ու մանաւանդ դպրոցի ծնողաուսուցչական մարմինի անդամուհիները, այս ձեռնարկին համար բոլորին ըսելով՝ ձեր վարձքը կատար եւ ամբողջ հայութեան ալ՝ շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ:
Իրաքահայերու Հայ ընտանեկան միութիւնը, յատուկ կեդրոն-շէնք չունենալով, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ յարանուանական եկեղեցի մը կամ՝ համահայկական կազմակերպութեան մը նիւթական եւ բարոյական հովանաւորութիւնը՝ 44 տարիներէ ի վեր կը պահէ այս դպրոցը եւ կը կատարէ ազգապահպանման այս սուրբ գործը: Շուրջ 3000 հայ փոքրիկներ այս վարժարանը յաճախած են եւ ԱՆՎՃԱՐ հայեցի դաստիարակութիւն ստացած են: Իսկ այս 44 տարիներուն ընթացքին, շուրջ 96 ԿԱՄԱՒՈՐ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ծառայած են այս վարժարանին մէջ: