Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր տեղեկագիրներուն մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ կը նշէ, որ ռուսական խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ Ստեփանակերտ-Գորիս ուղիով անխոչընդոտ տեղաշարժի վերսկսելու բանակցութիւնները:
Ինչո՞ւ առաւել քան 3 շաբաթ տեւող քննարկումները արդիւնք չեն տար: Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան յայտնեց, որ ատրպէյճանցիները առաւելապաշտական պահանջներ կը ներկայացնեն, բանակցութիւններուն մէջ դիրքաւորուած են, թէ «ինչպէս ուզենք, այնպէս պիտի ըլլայ»ով։
«Լեռնային Ղարաբաղ չկայ, այսինքն, մենք ձեզ հետ խօսում ենք ընթացիկ հարցեր քննարկելու առումով, մեր պահանջն էլ հետեւեալն է, որ կարող ենք խօսել, եթէ դա հաւասարը հաւասարի հետ է, եւ դուք պիտի ներկայացնէք Ադրբեջանի շահերը, մենք ներկայացնենք Արցախի Հանրապետութեան շահերը: Սա է, որ անընդհատ վէճերի տեղիք է տալիս: Նաեւ նմանատիպ զրոյցներ եղել են եւ հարցին լուծումներ են տրուել. տուեալ պարագայում, ասենք, Սարսանգի ջրերի օգտագործման հետ կապուած, երբ հարցը ինչ-որ ձեւով լուծում է ապահովուել, որ ե՛ւ փոխշահաւէտ լինի, ե՛ւ, ինչպէս ասում են անարիւն լինի, անարիւն այն իմաստով, ինչպէս քաղաքակիրթ աշխարհին վայել է, նստեն քննարկեն, հարցերը լուծեն: Ոչ թէ ուժային մեթոդներով, այսինքն, ճնշել, ասել` «ես ինչպէս ասում եմ, այդպէս պէտք է լինի», իրենք այդ հարթակի վրայ են դիրքաւորուած», ընդգծեց Բալայեան:
Ըստ անոր՝ ատրպէյճանցիներուն պահանջները Կաշէնի հանքավայրին կը վերաբերին, բայց գլխաւոր հարցը Արցախի հայաթափումն է: Տարեվերջին որոշուեցաւ հանքավայրի շահագործումը ժամանակաւորապէս դադրեցնել, բայց ատրպէյճանցիները կը շարունակեն փակ պահել ճամբան։
«Եղած տուեալներով այդ հանքավայրերը վաճառուած են, վերեւի մասում Կաշէնի հանքի շուրջը ծաւալուած մտքերն են, որ հայերը իրենց հարստութիւնն օգտագործում են եւ այլն` փորձելով ըստ էութեան այդ հանքավայրը իրենց ձեռքը գցել: Բայց խորքում իրենց ձեւակերպումով «Զանգեզուրի միջանցք» հասկացութիւնն է: Հիմնական խնդիրներից մէկն էլ Արցախի հայաթափումն է: Խնդիրը նրանում է, որ այսօր Կաշէնի հարցն են առաջադրում, վաղը մի ուրիշ հարց կը դնեն, ասպէս էլի: Դէ հասկանալի է, չէ՞, որ ճանապարհը փակողները ո՛չ ուսանողներ են, ո՛չ բնապահպաններ, ասենք, իշխանութեան ամենաբարձր մակարդակով կազմակերպուած բան է», ըսաւ Բալայեան:
Թէ ո՞վ կամ որո՞նք են հայկական կողմին բանակցողները, օրերով Ստեփանակերտէն պաշտօնապէս չյստակացուցին: Մինչեւ իրենք զիրենք բնապահպան ներկայացող ատրպէյճանցիներուն կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան կը ներկայացուէր իբրեւ խաղաղապահներուն հետ համագործակցութեան հարցերը համակարգող:
Արցախի շրջափակումը չաւարտեցաւ միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանին ուղղուած կոչէն ետք եւս։
It is obvious several countries have interests in Arzakh, one is asking
mine clearance territory, another wants water supply monopoly,
another one wants 120,000 genocide, last one wants total territorial
domination, to return as leader of the whole south Caucasus, as the
only inheritor of NOAH, replacing Armenians. ALL KIND OF TRICKS WILL
BE USED TO OUST OR KILL US; FOR THIS REASON *AIR SUPPLY METHOD
MUST BR USED*, A.S.A.P, BEFORE IS TOO LATE; 25 DAYS WITHOUT AID
IS CRITICALLY DANGEROUS. ALL DIASPORA MUST ORGANIZE REGULAR EXPEDITIONS NON STOP UNTIL REASONABLE AGREEMENT IS
REACHED, WITHOUT ANOTHER *ORDERED* “FEATHER LOSS” AS USUAL.
*MIND YOU*, NO ONE WILL HELP **IF WE DON’T HELP OURSELVES FIRST**
REMEMBER, 1892 GENOCIDE, BANK OTTOMAN OCCUPATION, ADANA
GENOCIDE, 1915 GENOCIDE, 1918 SARDARABAD, 1920 INVASION On 1st
REPUBLIC, TURNING BOLSHEVIK STATE; NO ONE CAME TO SAVE US
*ON TIME* TO SAVE US>>ONLY US WE SAVED OURSELVES BY FIGHTING<<
STRONG NATIONALIST ARMY WILL STOP ANY INVADER, WITH A LITTLE
**COOL REASONABLE THINKING**, LIKE ALL DO, TO OCCUPY ARMENIA.
WILL BE AVOID LOSS IF WE HAVE STRONG M16 THINKING GROUP.