ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, միջնորդական առաքելութեամբ մը Լիբանան այցելող Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա յայտնեց, որ լաւատես է Լիբանանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք: Ան այս յայտարարութիւնները կատարեց Պքերքէի մէջ, մարոնիներու Սֆէյր պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք։
Նշենք, որ Մուսա Չորեքշաբթի օր հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ու վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ, որոնց մասին մանրամասնութիւններ չբացայայտեց:
Մուսայի Լիբանան այցելութիւնը կը յաջորդէ Արաբական լիկայի սուտանցի պատուիրակին ներկայացուցած եօթը կէտերու ծրագիրին, որ իշխանութեանց կողմէ դրուած խոչընդոտներու հանդիպած էր, ըստ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի: