ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այս տարի «Հոլանտայի առաջնակարգ փորձագէտներ» (PUM) կազմակերպութեան օժանդակութեամբ, Հայաստանի մէջ պիտի գործադրուին փոքր եւ միջին գործարարութեան աջակցութեան 14 ծրագիրներ: Այս մասին Հոկտեմբեր 18ին PUM-ի ծրագիրներու ներկայացման ժամանակ նշեց կազմակերպութեան տնօրէն Եան Ռէօպէն եւ ըսաւ, որ հնարաւորութիւն կայ Հայաստանի մէջ ծրագիրներու քանակը աւելցնելու:
Ռէօպէն տեղեկացուց, որ PUM գրեթէ անվճար (հրաւիրող կողմը կը հոգայ միայն PUM-ի փորձագէտներու սնունդի եւ կեցութեան ծախքերը) խորհդատուութիւն կը մատուցէ որոշ յաջողութեան հասած փոքր եւ միջին մասնաւոր ձեռնարկատէրերուն, որոնք կը գործեն միայն տեղական դրամագլուխով: