ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հոկտեմբեր 18ին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ իր պաշտօնավարման ժամկէտը աւարտող Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռաճըր Ռապինսընին հետ:
Հանդիպման ընթացքին, Քոչարեան յայտնեց, որ ՀԴի հետ գործակցութեան տարիները մեծ արդիւնք ունեցած են Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար եւ նշեց յատկապէս պետական կառավարման կառուցուածքային բարեփոխումներուն, ենթակառոյցներու զարգացման, չքաւորութեան կրճատման ուղղուած ծրագիրները, զանոնք բնութագրելով իբրեւ երկիրի առաջընթացը ապահովող կարեւոր գործօններ:
Ռապինսըն ըսաւ. «Ուրախալի է տեսնել, թէ ինչքան փոփոխութիւններ են կատարուել Հայաստանում եւ գիտակցել, որ դրանում իր ներդրումն ունի եւ ՀԴը»:
Նոյն օրը, Քոչարեան ընդունեց հայ-ռուսական միջխորհրդարանական գործակցութեան յանձնաժողովի համանախագահ Ն. Ռիժքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հիւրերը նախագահին տեղեկացուցին յանձնաժողովի 11րդ նիստի աշխատանքներուն մասին:
Քննուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու առնչուող հարցերու լայն ծիր, առանձին անդրադարձ կատարուեցաւ տնտեսական կապերուն:
Կողմերը գոհունակութիւն արտայայտեցին հայ-ռուսական գործակցութեան աշխոյժ ընթացքի առիթով:
Խօսուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի մասին: