
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ կաթողիկոսանիստ վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ուրբաթ, 6 Յունուարին: Առաւօտեան ժամը 10ին, զանգերու ղօղանջներուն տակ, հայրապետական թափօրը վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր տաճարը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսը մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագը, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը եւ հաւատացեալներուն յղեց իր հայրապետական պատգամը:
Ս. խորանին վրայ, վեհափառ հայրապետին կողքին, առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին՝ Կոմիտաս արք. Օհանեան ու Շահան արք. Սարգիսեան, իսկ պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը:
Ստուար թիւով հաւատացեալ ժողովուրդի շարքին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կազմը` գլխաւորութեամբ դեսպանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետները եւ անդամները, պետական եւ ազգային երեսփոխաններ, կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու վերին մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ Աստուածայայտնութեան տօնին կը նշենք նաեւ Քրիստոսի Ս. Մկրտութիւնը: Առ այդ, Կոմիտաս սրբազանը միւռոնաթափ աղաւնին Ս. Երրորդութեան խորանէն «Լոյս ի լուսոյ» շարականին երգեցողութեամբ բերաւ Ս. խորան, եւ ձեռամբ վեհափառ հայրապետին կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը: Ապա, վեհափառ հայրապետը, ներկայ թէ առցանց Ս. պատարագին մասնակցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց Ս. Ծննդեան հայրապետական պատգամը:
Հայրապետը իր պատգամին սկսաւ հաստատելով, որ «Բեթղեհէմը դարձաւ յոյսի աղբիւր, որովհետեւ Բեթղեհէմի մէջ ծնաւ տառապանքով լեցուն համայն մարդկութեան երկնային յոյսը: Արդարեւ, մարդը հեռացած էր Աստուծմէ: Տագնապներով լեցուն էր մարդկութիւնը եւ կը սպասէր երկնային յոյսի գալստեան: Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած կու գար մարդկութեան յոյս ներշնչելու. Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած կու գար ըսելու, թէ ինք է ճշմարիտ ու յաւիտենական յոյսը աշխարհին. եւ ով որ մօտենայ այս յոյսին ու հաւատայ անոր, պիտի վերականգնի ու փրկուի: Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին Քրիստոս յաճախ անդրադարձաւ յոյսին. այն յոյսին, որ հաւատքով կռանուած է, սիրով լեցուած ու Քրիստոսի փրկարար երկրորդ գալուստի տեսլականով մղուած: Նոյն մօտեցումով առաքեալներ յիշեցուցին Քրիստոսի հետեւորդներուն, որ կեանքի տագնապները պէտք է յաղթահարել Քրիստոսի ճամբով աշխարհին յայտնուած երկնային յոյսով: Եկեղեցին, իր կարգին, պատմութեան տագնապներուն դիմաց դարձաւ յոյսի վկան ու պատգամաբերը»:
Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառը ըսաւ. «Բեթղեհէմը ո՛չ միայն դարձաւ երկնային յոյսի ծնունդ տուող վայրը, այլ նաեւ` երկնային յոյսի հրաւէրը, եկեղեցւոյ ճամբով` ուղղուած աշխարհին: Արդարեւ, յոյսը ո՛չ միայն քրիստոնէական բարոյական արժէքներու համակարգին մաս կազմող արժէք է, այլ նաեւ քրիստոնէական կեանքին որակ ու կոչում, ինքնութիւն ու նպատակ տուող աստուածային պարգեւ է: Մկրտութեան ժամանակ երեխան քրիստոնեայ կը դառնայ լեցուելով հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ երկնային շնորհներով: Արդ, յուսահատութիւնը տեղ պէտք չէ ունենայ քրիստոնեայի կեանքին մէջ: Յոյսը պէտք է դառնայ իր կեանքը իմաստաւորող, հզօրացնող ու առաջնորդող ուղեցոյցը»: Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այսօր կը նշենք երկնային յոյսին էջքը Բեթղեհէմ, անոր մարդեղացումն ու գալուստը աշխարհ: Այսօր Բեթղեհէմի յոյսը կը հրաւիրէ մեզ երկրի վրայ մեզ շրջապատող բոլոր տեսակի կեղծ, ժամանակաւոր, ապականիչ ու խաբուսիկ յոյսերը մերժելու եւ դառնալու աշխարհի ճշմարիտ յոյսին: Բեթղեհէմի յոյսով լեցուած մարդը պէտք չէ ընկճուի յուսահատութեան մղող երկրաւոր կեանքի տագնապներէն, այլ` հաւատքով փարի յոյս կենարար ուժին»:
Ապա վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այսօր յուսահատութիւնը շրջապատած է մեր ազգին կեանքը: Սակայն, հաւատքով հզօրացած, մենք կը մերժենք մեզ յուսահատութեան առաջնորդող որեւէ երեւոյթ ու կացութիւն: Այսօր, անմարդկային միջոցներով շրջապատումի ենթարկուած Արցախի ժողովուրդը յոյսով հզօրացած` կը մերժէ տեղի տալ որեւէ պարտադրանքի, որ հարցականի տակ կ՛առնէ իր ինքնորոշման իրաւունքը: Այսօր, ներքին բեւեռացումներով լեցուն հայրենի ժողովուրդը կը մերժէ, պէ՛տք է մերժէ, բոլոր տեսակի պարտադրանքները` դիւանագիտութեան խաբուսիկ քօղով զարդարուած, որոնք կրնան վտանգել Հայաստանի ամբողջականութիւնը ու անկախութիւնը: Սփիւռքի տարբեր պայմաններուն մէջ ապրող մեր գաղութները պէտք է մերժեն որեւէ մէկ մտածելակերպ, կենցաղակերպ կամ գործելակերպ, որ կրնայ վտանգել քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով շաղախուած մեր հայու ինքնութիւնը: Ճշմարիտ յոյսը կրաւորական ու սպասողական հոգեվիճակ մը չէ: Ճշմարիտ յոյսը Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ հզօրացած ու հաւատքով թրծուած քաջարի կեցուածք է, գործօն մասնակցութիւն է, տոկուն վճռականութիւն է կեանքի բոլոր տեսակ տագնապներուն նկատմամբ»:
Եզրակացնելով իր հայրապետական պատգամը` վեհափառը ըսաւ. «Յոյսի պատգամը մեզի կու գայ յոյսի աղբիւրէն` Բեթղեհէմէն, ուր Աստուած մեզի հետ եղաւ` իբրեւ յոյսը աշխարհին. եւ այսօր ու միշտ Աստուած Բեթղեհէմի ճամբով միշտ մեզի հետ է: Դառնանք յոյսի աղբիւրին եւ մեր կեանքը լեցնենք այդ աղբիւրէն առատօրէն հոսող յոյսով, որպէսզի կարենանք կեանքին պարտադրած բոլոր տեսակի տագնապներն ու չարիքները յաղթահարել»:
Կաթողիկոսը իր պատգամին սկիզբը եղբայրական սիրով ողջունեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` մաղթելով քաջառողջութիւն եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն: Քրիստոնէական սիրով ողջունեց Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանը` մաղթելով արդիւնաշատ ծառայութիւն մեր սուրբ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց թեմակալ առաջնորդներուն, Ազգային իշխանութիւններուն, հոգեւորական դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին` աղօթելով, որ մնան միշտ Քրիստոսի ճամբուն հաւատարիմ ուղեւորները:
Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին, հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները: