Պաքուի մէջ հայկական ջարդերու 33րդ տարելիցին առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ թէ՛ Պաքուի ջարդերուն եւ թէ նախորդ ու յաջորդած զանգուածային յանցագործութիւններու անպատժելիութիւնը պատճառ դարձաւ ստեղծելու իրավիճակ մը, երբ Ատրպէյճան Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը շրջափակման մէջ կը պահէ եւ մարդասիրական աղէտի պայմաններու ստեղծումը օրինաչափ կը նկատէ։

«Տարածաշրջանում չի կարող հաստատուել երկարաժամկէտ խաղաղութիւն Բաքուի ցեղասպան քաղաքականութեան արդիւնքների հիման վրայ: Այն պէտք է վճռականօրէն դատապարտուի եւ մերժուի միջազգային հանրութեան կողմից, եւ դրա առաջին քայլը պէտք է լինի Արցախի` մէկ ամսից աւելի շարունակուող շրջափակման անյապաղ դադարեցումը։ Հայ բնակչութեան սպանութիւնները, կողոպուտները, բռնութիւններն ու վայրագութիւնները շարունակուել են մէկ շաբաթ` 1990 թուականի Յունուարի 13ից մինչեւ 20ը, մարդիկ, ովքեր խուսափել են մահից, ենթարկուել են կազմակերպուած տեղահանման», կը յայտնէ նախարարութիւնը։
Ըստ զանազան աղբիւրներու՝ յանցագործութեան պատճառով սպաննուած են 150-300 անձեր: