Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 18 Յունուարին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Զրուցակիցները քննարկեցին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակը:
Փաշինեան նշեց, որ Լաչինի միջանցքի արգելափակումով Ատրպէյճան անգամ մը եւս կը դիմէ սադրիչ գործողութեան եւ փաստօրէն կը խախտէ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնը:
Նախարար Պլինքըն ընդգծեց Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ հաստատեց Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու նպաստել այդ հարցի լուծման:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու շուրջ: