ՀԱՊԿը կը շարունակէ աշխատիլ հայ-ատրպէյճանական սահմանին դիտորդական առաքելութիւն մը ուղարկելու գծով: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին հաղորդեց rbc կայքը` վկայակոչելով ՀԱՊԿի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինովը:
Ըստ անոր՝ երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նման հարցով դիմեց ՀԱՊԿին, Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը մշակեց «Հայաստանի Հանրապետութեանը օգնութիւն ցուցաբերելու համատեղ միջոցառումներու մասին» որոշման նախագիծը:
«Նախագիծին ուղղութեամբ աշխատանքը կը շարունակուի: Հաստատման ընթացակարգի աւարտէն ետք, նախագիծը պիտի ներկայացուի կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու քննարկման», նշեց Զայնեթտինով` նշելով, որ տակաւին կանուխ է յստակ ժամկէտներու մասին խօսիլը։