ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Կայսրութիւնները յաւիտեան չեն մնացած, որոշ ժամանակ եղած են իրենց բարձրունքին վրայ, յետոյ՝ չքացած պատմութեան բեմէն, իրենց տեղը զիջելով ուրիշ նորաստեղծ կայսրութեան մը: Այդպէս եղած էր նաեւ Վենետիկի կայսրութեան հետ, որ չորս դարերու տեւողութեան եղած էր ուժեղ ծովային կայսրութիւն մը, անոր նաւատորմը հասած էր մինչեւ Եգէական ծով, Սեւ Ծովու աւազան, եւ իր տիրապետութիւնը տարածած ամբողջ Միջերկրական ծովու տարածքին: Իսկ արաբ վաճառականներուն հետ համաձայնութեան գալով՝ ան հնդկական համեմներու ներածման մենաշնորհին տիրացած էր, ինչ որ զինք դարձուցած էր Եւրոպայի ամենահարուստ հանրապետութիւնը: Վենետիկը եղած էր մեծաքանակ վաճառքի կեդրոն՝ ափրիկեան, չինական, ասիական եւ եւրոպական ամենատարբեր ապրանքներու: Այսպէս շարունակած էր մինչեւ 1797 թուական, երբ Նափոլէոնի բանակները գրաւեցին Վենետիկը:
Այսօր Վենետիկի փառահեղ պալատները, չափազանց հարուստ թանգարանները, գեղեցիկ հրապարակները, ջրանցքները, եկեղեցիները, տաճարները, ճաշարաններն ու խանութները կը յուշեն անոր անցեալի փառքը: Հոն կ՛այցելեն միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ, սակայն նոյն ժամանակ, քաղաքին մէջ կը տիրէ տխուր մթնոլորտ մը: Վենետիկը հետզհետէ կ՛ընկղմի: Ջրանցքները եզերող նրբանցքներուն երկայնքին իրարու վրայ շարուած ժամանակաւոր տախտակէ քայլուղիներ կան՝ իրենց երկաթեայ կէս մեթր բարձրութեամբ յենարաններով, ջուրի մակարդակի բարձրացման պարագային զետեղելու եւ մարդոց երթեւեկը դիւրացնելու համար, իսկ խանութներու մուտքերուն նոյն բարձրութեամբ երկաթեայ դռնակներ ամրացուած են, ջուրի ողողման դէմ առնելու համար:
Մինչեւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը, քաղաքը ունէր 150,000է աւելի բնակչութիւն? այսօր այնտեղ կ՛ապրի շուրջ 50,000 հոգի միայն: Ջրանցքները եզերող բազմաթիւ շէնքեր մութ են եւ աւերակի վերածուած: Ըստ կոնտոլներու նաւավարներու, քաղաքը կը շարունակեն լքել բուն վենետիկցիները, որովհետեւ տարեկան քանի մը տասնեակ միլիոններու հասնող զբօսաշրջիկներու երթեւեկը եւ ժխորը կեանքը կը դժուարացնեն? անոնք տխրութեամբ կը յայտնեն, թէ միայն չինացիներ եւ պանկլատեշցիներ կու գան անոնց տեղը եւ թէ գինետուններուն 80 տոկոսէն աւելին արդէն իսկ կը պատկանի չինացիներու, իսկ յուշանուէրներու խանութներու սեփականատէրերէն կարեւոր մաս մը պանկլատեշցիներ են:
Վենետիկի հրեաներու թաղամասը՝ Cannaregio-ն, գրեթէ դատարկ է: Կեանքով լեցուն եւ աշխոյժ երբեմնի այս թաղամասին մէջ, այսօր միայն 35 հրեաներ կը բնակին, իսկ մնացեալը՝ աւելի բարեկարգ թաղամասերու մէջ, ընդամէնը՝ 450 հոգի:
1500ականներուն, Սպանիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Ուքրանիայէն եւ այլ տեղերէ գաղթած 5000 հրեաներ այս թաղամասին մէջ հաստատուած էին: Քանի մը տասնամեակ ետք, Վենետիկի իշխան Տոճ Լէոնարտօ Լորետան հրամանագիրով մը այդ թաղամասին շուրջ պատեր եւ դարպասներ կառուցել տուաւ. երեկոյեան ժամերուն անոնց արգիլուած էր քաղաք դուրս գալ: Վենետիկի փառքի օրերուն, հրեայ համայնքը, հակառակ իրեն պարտադրուած մեկուսացման, կայսրութեան առեւտուրի հիմնական դերակատարն էր, իսկ մեծահարուստ հրեաները՝ իշխանութիւններուն դրամական եկամուտի հիմնական մատակարարները: Կայսրութեան փլուզման իբրեւ արդիւնք, քաղաքը իր երբեմնի կարեւորութիւնը կորսնցնելով՝ հրէական համայնքի թիւն ու դերը նուազեցան, մեծ մասը գաղթեց Իտալիոյ այլ քաղաքներ կամ երկրէն դուրս: Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին, հոն մնացած էին 1200 հրեաներ, որոնցմէ մօտաւորապէս 200 անձեր քշուեցան դէպի գերմանական կեդրոնացման ճամբարներ: Այդ թաղամասին մէջ կը գտնուէր ձուլագործարան մը, որ վենետիկեան իտալերէնի բարբառով »կեթօ« (geto) կը կոչուէր: Ժամանակի ընթացքին աղաւաղուելով՝ այդ բառը եղած է ghetto, եւ այդպէս, այդ թաղամասը ճանչցուած էր այդ անունով ու անկէ տարածուած այլ երկիրներու նոյնանման մեկուսացուած հրէական թաղամասերուն: Հրեաները մեկուսացումէ ազատագրուեցան, երբ Նափոլէոն նուաճեց քաղաքը: Այս թաղամասին մէջ, մինչեւ հիմա, երբեմն կը ներկայացուի Շէյքըսփիրի »Վենետիկի Առեւտրականը« թատրերգութիւնը: Հոն կայ իրենց պաշտամունքի կեդրոնը, հրէական թանգարան, »քոշէր« (ծիսականօրէն մաքուր կերակուր, քաշէր) հրէական ճաշարանը, մանկապարտէզ եւ եբրայերէնի ուսուցման դպրոց:
Հակառակ այս տխուր պատկերին, որոշ մարդոց համար կայ նաեւ պայքարելու վճռակամութիւն ու քաղաքին մէջ յարատեւելու կամք: Ըստ The New York Times-ի թղթակից David Laskin-ի, Վենետիկի ռաբբի Սիալոմ Պահպութի երազանքն է Վենետիկի մէջ հիմնել հրէական համալսարան մը: »Ներկայիս մեր դէմ ցցուող մարտահրաւէրն է պահպանել մեր մշակոյթի կենսունակութիւնը, այսօր եւ ապագային, իսկ ի՞նչն է աւելի լաւ միջոցը՝ քան համաշխարհային հրէական համալսարան մը«, կ՛ըսէ ան:
Ռաբբի Պահպութի այդ երազանքը կրնայ մնալ լոկ երազանք եւ երբեք իրականութիւն չդառնալ, որովհետեւ այդտեղ արդէն սակաւաթիւ հրեաներ կան, եւ այդ նպատակը կարելի է իրականացնել աւելի մեծ գաղութներու մէջ, սակայն էականը այստեղ, առաջին հերթին, ունենալն է այդ երեւակայութի՛ւնը, որ կամքով եւ հայրենասիրութեամբ իրականանալի կրնայ դառնալ: Իսրայէլի ստեղծումը՝ սփիւռքի մէջ երկու հազար տարի թեքերումներէ ետք, արդիւնք է քանի մը անհատներու երեւակայութեան, հաւատքին եւ կամքին, իսկ մնացեալը՝ կազմակերպուածութեան, կարգապահութեան եւ հայրենասիրութեան:
Հայութեան մէջ ցարդ կը պակսին Հայաստանը հզօրացնելու, անվտանգ դարձնելու երեւակայութիւնը, ձգտումն ու կամքը ունեցող անհատները, խմբաւորումները եւ կազմակերպութիւնները, հակառակ մեր ստուար եւ հայրենի հայութեան քառապատիկը կազմող աշխարհասփիւռ հայութեան: Ունինք բազմաթիւ մեծահարուստներ, որոնք իրենց լուրջ ներդրումներով կրնան Հայաստանի իրավիճակը փոխել: »Կիւլպէնկեան« հաստատութեան նիւթական օժանդակութիւնը՝ փորթուգալերէն խօսող Ափրիկեան երկիրներուն եւ Արեւելեան Թիմորին (PALOP) կրթութեան, մշակոյթի եւ արուեստներու բնագաւառներուն, յատկանշակա՛ն է, իսկ փորթուգալեան նախաձեռնութիւններուն եւ մշակոյթի բնագաւառներուն անոր ուղղակի հովանաւորումը՝ անգնահատելի՛: Նոյն տարողութեամբ օժանդակութիւն որեւէ հայկական հաստատութեան մը կամ անհատի կողմէ՝ Հայաստանի կամ հայկական գաղութներու ուղղուած, դժբախտաբար չկա՛յ: Մեր դպրոցները ամբողջ Սփիւռքի տարածքին հետզհետէ կը փակուին, մշակութային կեդրոնները կը մնան աղքատ եւ սահմանափակ, իսկ հայութիւնը կ՛այլասերի:
Սփիւռքի ուժականութիւնը եւ կարողականութիւնը գերագնահատելու հարց չէ ասիկա, այլ՝ անոր իրապա՛շտ գնահատումը: