
Ըստ Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «բացարձակ սուտ եւ անհեթեթութիւն» անուանեց Լաչինի միջանցքի փակման մասին Հայաստանի պնդումները:
Այս նիւթին մասին ան զրուցեց Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Անն Պուայոնի հետ՝ անոր հաւատարմագիրը ստանալէ ետք:
Ալիեւ պնդեց, որ Լաչինի միջանցքի երկու ուղղութիւններով Կարմիր Խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ, կը շարունակուի քաղաքացիական ապրանքներու եւ քաղաքացիական անձերու փոխադրութիւնը:
Ալիեւ ըսաւ, թէ 12 Դեկտեմբերէն սկսեալ միջանցքով երկու ուղղութիւններով անցած են առաւել քան հազար փոխադրամիջոցներ:
Ան ընդգծեց «Ատրպէյճանի տարածքին մէջ ռուս խաղաղապահներու ժամանակաւոր տեղակայման գօտիին մէջ օգտակար հանածոներու ապօրինի արդիւնահանման անթոյլատրելիութիւնը»՝ նշելով, թէ »«այդ շրջանին մէջ անհրաժեշտ է մշտադիտարկում ապահովել»: