ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի կառավարութեան մօտիկ անձնաւորութիւն մը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14ին նախատեսեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին վաւերացնէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանի կազմութեան օրինագիծը, որ նախանցեալ օր ստացած էր Լիբանանի կառավարութեան հաւանութիւնը։
Նոյն անձնաւորութիւնը դիտել տուաւ, որ Երկուշաբթի գիշեր կառավարութիւնը օրինագիծը յղած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանին։ Ան նշեց, որ Աննան Երկուշաբթի երեկոյեան հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած է վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ։ Քննարկուած են Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ այդ օրինագիծը մօտիկ ապագային օրէնքի վերածելու հեռանկարները։
Միւս կողմէ, Լիբանանի նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ վերահաստատեց, որ հարկ է անպայման կազմել միջազգային ատեանը, որպէսզի կարելի ըլլայ պատժել բոլոր յանցագործները ու կարելի ըլլայ լիբանանցի ժողովուրդին մտահոգութիւնները փարատել եւ ոչ թէ արտաքին կողմերու շահերուն ծառայել:
Լահուտ զարմանք յայտնեց, թէ որոշ կողմեր հակասահմանադրական չեն նկատեր կառավարութեան գումարած Երկուշաբթի օրուան նիստը, որու ընթացքին ատեանին առնչուող որոշումը տրուած էր, անտեսելով նախագահին կատարած նկատողութիւնները: Կառավարութեան այդ արտակարգ նիստին կը բացակայէին կառավարութենէն նոր հրաժարած վեց նախարարներ:
Լահուտ ընդգծեց, որ երկիրը համախոհութեամբ կառավարելու, ինչպէս նաեւ բոլոր համայնքներուն ներկայացուցչութիւնը ապահովելու պայմանները կարելի չէ շրջանցել:
Նաեւ, վարչապետ Ֆուատ Սինիորա պատասխանեց նախկին երեք վարչապետներ՝ Սելիմ Հըսի, Օմար Քարամէի եւ Նեժիպ Միքաթիի հրապարակած հաղորդագրութեան, ուր կառավարութեան նիստերը սառեցնելու առաջարկ կատարուած էր, նման առաջարկ մը «զարմանալի» որակելով:
Իր կարգին, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յայտնեց, որ վերակառուցման ծրագիրը երբեք պէտք չէ տուժէ Լիբանանի մէջ ընթացող ներկայ քաղաքական պայքարին հետեւանքով։ Ան ընդգծեց, որ պիտի կազմուի «նոր եւ մաքուր» կառավարութիւն մը, որ վերակառուցէ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով քանդուած լիբանանցիներուն բնակարանները։ Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը տեղեակ էր Լիբանանի դէմ շղթայազերծուելիք իսրայէլեան պատերազմէն ու բռնարարքներէն եւ Իսրայէլէն պահանջած էր երկարաձգել իր բռնարարքները։