
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ առանց որեւէ պատճառաբանութեան, այս անգամ Հայաստանի համար անբաղձալի անձ նկատուած է Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեան:
Գարագաւորեան Հայաստան պիտի այցելէր 6-10 Փետրուարին, Սիւնիքի մէջ տեղի ունենալիք ՀՅԴ Երիտասարդական համաշխարհային համագումարին մասնակցելու համար: Համագումարին պիտի համախմբուին աշխարհի չորս ծագերէն ՀՅԴի երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչներ՝ միասնաբար ծրագրելու դաշնակցական երիտասարդութեան յառաջիկայի գործունէութիւնը եւ ընելիքները:
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ, Հայաստանի համար անբաղձալի անձեր նկատուեցան ՀՅԴի ղեկավարներ եւ ՀՅԴ Նետերլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեան՝ դարձեալ առանց որեւէ բացատրութեան: