Այս ամիս վարչական կիրարկման մէջ մտաւ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ Ընդհանուր օդային գօտիի համաձայնագիրը:
Փաստաթուղթը ստորագրուած էր 15 Նոյեմբեր 2021ին եւ նպատակ ունի վերացնել շուկայի սահմանափակումները եւ Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան միջեւ ստեղծել ընդհանուր օդային տարածք մը: Այս մասին «Արմէնփրէս» տեղեկացաւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան կայքին վրայ զետեղուած հաղորդագրութենէն:
Այս համաձայնագիրով, Եւրոպական Միութեան բոլոր օդանաւային ընկերութիւնները պիտի կարենան ուղիղ թռիչքներ կատարել Եւրոպական Միութեան որեւէ կէտէ դէպի Հայաստանի որեւէ օդակայան. նոյն սկզբունքը պիտի գործէ հայկական օդային ընկերութիւններուն համար: Նաեւ պիտի վերցուին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ թռիչքներու բոլոր սահմանափակումները, իսկ բաց եւ արդար մրցակցութեան դրոյթները պիտի երաշխաւորեն հաւասար պայմաններ:
Համաձայնագիրով, Հայաստան հետագային պիտի համապատասխանեցնէ իր օրէնսդրութիւնը Եւրոպական Միութեան օդանաւային կանոններուն եւ չափանիշերուն հետ՝ տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ օդային ապահովութիւնը, օդային երթեւեկութեան կառավարումը, շրջակայ միջավայրը, տնտեսական կարգաւորումը, մրցակցութիւնը, սպառողներու պաշտպանութիւնը եւ ընկերային գործօնները:
Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի պարտաւորութիւններուն համահունչ` 2023ին Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի մէջ քաղաքացիական օդային կարողութիւններու զարգացման համապարփակ աջակցութեան պիտի սկսի։
Աւելի՛ն, Եւրոպական Միութեան Օդային ապահովութեան գործակալութեան հետ Մարտ 2022ին սկսած է Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող երկամեայ ծրագիրը` տրամադրելու թեքնիք աջակցութիւն, որպէսզի հետագային ալ Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրուի օդային ապահովութեան վերահսկողութեան իր կարողութիւններու բարձրացման մէջ: