ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15ին հաղորդեցին, թէ մէկ օր առաջ կրթական նախարարութեան շէնքէն առեւանգուածներուն մօտաւորապէս 70ը ազատ արձակուած է: Մինչ կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, թէ ազատ արձակուած են բոլոր պատանդները, ուրիշներ աւելցուցին, թէ հաւանաբար որոշ պատանդներ ազատ չեն արձակուած տակաւին:
Նախարարութիւնը Երեքշաբթի օր հաղորդած էր, թէ 150 պաշտօնեաներ առեւանգուած էին, սակայն աւելի ուշ յայտարարուած էր, թէ առեւանգուածներուն թիւը ընդամէնը 75 է:
Միւս կողմէ, Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած յարձակումներուն ընթացքին սպաննուեցաւ առնուազն 20 հոգի եւ վիրաւորուեցան 47 ուրիշներ: Զոհերուն շարքին էին երկու լրագրողներ:
Նոյն օրը, ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի օր վեց ամերիկացի զինուորներ եւս սպաննուած են Իրաքի տարածքին, այս ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 40ի հասցնելով: