ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Բաղդատած եօթը տարի առաջուան տուեալներուն, մեծամասնութեամբ իսլամ բնակչութիւն ունեցող Թուրքիոյ մէջ աւելի նուազ թիւով կիներ լաչակ կը կրեն, ըստ թրքական անկախ վերլուծական կեդրոնի մը վերջերս հրապարակած մէկ վիճակագրութեան։
Հազար հինգ հարիւր ենթականեր ներառած Թրքական տնտեսական եւ ընկերային ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին կատարած այդ վիճակագրութիւնը նաեւ կը յայտնաբերէ, թէ մինչ թուրքերը այսօր իրենք զիրենք աւելի իսլամ կը զգան, անոնք նաեւ աւելի ամուր կերպով նեցուկ կը կանգնին երկրին քաղաքական աշխարհիկ աւանդութեան։
«Թուրքերը հետզհետէ աւելի կրօնասէր կը դառնան, բայց անոնց կրօնական ինքնութիւնը եղափոխութեան մէջ է. անիկա աւելի աշխարհիկ բնոյթ կը ստանայ», նշեց հիմնարկին ուսումնասիրութիւնները համադրող պատասխանատու Էթիէն Մահճուպեան՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։
«Աւելի բարձր մակարդակի ուսում ստացած ըլլալով՝ ժողովուրդը աւելի հետամուտ է քաղաքային սովորութիւններու, կեանքի աւելի լաւ պայմաններու, տարբեր ոճի կենցաղի: Միջին դասակարգ մը կը կազմաւորուի», աւելցուց ան։
Վիճակագրութեան համաձայն, լաչակ չկրող կիներուն համեմատութիւնը բարձրացած է 36.5 տոկոսի՝ բաղդատած 1999ի 27.3 տոկոսին։
Իսկ ինչ կը վերաբերի իսլամական աւանդական տարազ հագնող կիներուն, ամբողջ մարմինը ծածկող հագուստ հագնողներուն համեմատութիւնը վերջին եօթը տարիներուն 3.4 տոկոսէն 1.1 տոկոսի իջած է: Առաւել, լաչակաւոր կիներուն միայն 11.4 տոկոսը զայն կը կրէ իսլամական ոճով՝ բաղդատած 1999ի 15.7 տոկոսին։
Ըստ վիճակագրութեան, պարզ, աւանդական գլխու ծածկ կրող կիներուն տոկոսը 53.4էն իջած է 48.8ի տոկոսի։
Աշխարհիկ թուրքերուն կողմէ իսլամական լաչակը կը դիտուի իբրեւ քաղաքականացած իսլամութեան նշան եւ անիկա օրէնքով արգիլուած է պետական գրասենեակներու եւ համալսարաններու մէջ։
Հարցը բեւեռացուցած է թրքական ընկերութիւնը, յատկապէս երբ իսլամական արմատներ ունեցող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխ եկաւ 2002ին՝ լաչակները արգիլելու օրէնքին բեկանումը իր ընտրական խոստումներու առաջնահերթութիւններուն կարեւորագոյններէն դարձուցած ըլլալով։ Ցարդ ան չէ կրցած յարգել իր այդ խոստումը։
Թրքական տնտեսական եւ ընկերային ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին վիճակագրութեան համաձայն, թուրքերուն միայն 22.1 տոկոսը կը հաւատայ, որ երկրին աշխարհիկ համակարգը կրօնական հակազդեցական շարժումներու վտանգին տակն է, մինչ 73.1 տոկոսը այդ վախը չունի։
Վիճակագրութեան մէջ նաեւ յայտնաբերուեցաւ մեծ անկում Թուրքիոյ մէջ իսլամական իշխանութեան ջատագովներուն թիւին մէջ, որ 21 տոկոս էր 1999ին, իսկ 2006ին՝ 9 տոկոս։
Վիճակագրութեան մասնակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դէմ է կրօնական ահաբեկչութեան եւ միայն 8.1 տոկոսն է, որ ընդունելի կը գտնէ Իրաքի եւ Իսրայէլի մէջ իսլամութեան անունով գործադրուող յարձակումները։
Վիճակագրութեան մէջ ի յայտ կու գայ նաեւ, որ թուրքերուն մեծամասնութիւնը ինքզինք իսլամ կը զգայ։
Իրենք զիրենք «բաւական կրօնասէր» բնութագրողներուն համեմատութիւնը 25 տոկոսէն (1999ին) բարձրացած է 46.5 տոկոսի, մինչ «շատ կրօնասէր»ներուն համեմատութիւնը՝ 6էն (1999ին) 12.8 տոկոսի։