ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, Եւրոպան ընդհանրապէս եւ Գերմանիան՝ մասնաւորաբար, պէտք էր վերակառուցուէին: Հիմնայատակ քանդուած էին քաղաքներ եւ գիւղեր, սակայն աշխատող ձեռքերու խիստ պակաս կար, որովհետեւ պատերազմին ընթացքին զոհուած գերմանացիներուն թիւը կ՛անցնէր հինգ միլիոնը: Եւրոպական միւս երկիրներն ալ, իրենց կարգին, աշխատող բազմութիւններու կարիքը ունէին. Թուրքիան չէզոք մնացած էր այդ պատերազմին եւ միայն վերջին ամիսներուն՝ միացած դաշնակից ճամբարին, հետեւաբար՝ մարդկային զոհեր գրեթէ չունէր:
Առաջինը Գերմանիան էր, որ 1960ականներու սկիզբը համաձայնագիրներ կնքեց Թուրքիոյ հետ, աշխատաւորներ ընդունելու համար, ապա Գերմանիոյ օրինակին հետեւացան Աւստրիան եւ Հոլանտան: Այդ թուականէն անցած է արդէն իսկ վաթսուն տարի, եւ այսօր թուրքերու ընդհանուր թիւը Եւրոպայի տարածքին, ըստ տարբեր գնահատումներու, կը հասնի վեցէն ութ միլիոնի, որուն մեծամասնութիւնը՝ Գերմանիոյ մէջ (2013ին, Անկելա Մերքել պնդած էր, որ Գերմանիոյ մէջ կան ծագումով եօթը միլիոն թուրքեր):
Ի տարբերութիւն նախկին գաղութարար երկիրներ Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի, ուր փոքրամասնութիւնները կը գլխաւորեն ափրիկեան երկիրներէ գաղթականներ, ինչպէս մարոքցիներ եւ ալճերիացներ Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի մէջ, իսկ ծայրագոյն արեւելքցիները եւ հնդիկներ՝ Անգլիոյ մէջ, թուրքերը տարածուած են ամբողջ Եւրոպայի մէջ, մինչեւ Նորվեկիա, Զուիցերիա եւ Շուէտ:
Եւրոպայի թուրքերը, անշուշտ, մեծամասնութեամբ եկած են Թուրքիայէն, սակայն՝ ո՛չ միայն Թուրքիայէն: Պաղ պատերազմի աւարտէն եւ մասնաւորաբար Սովետական Միութեան անկումէն ետք, պալքանեան երկիրներու՝ Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Մակեդոնիոյ, Քոսովոյի, Ալպանիոյ եւ Հունգարիոյ թրքական համայնքներէն մեծ թիւով թուրքեր գաղթեցին դէպի արեւմտեան երկիրներ, իսկ միջինարեւելեան երկիրներու՝ Սուրիոյ, Իրաքի եւ նոյնիսկ Լիբանանի պատերազմական իրավիճակներուն իբրեւ արդինք, այնտեղ գտնուող թուրքմէններ եւ այլ թրքացեղեր եւս հասան Եւրոպա:
Թրքական համայնքները համախումբ կ՛ապրին եւ ունին իրենց թաղամասերը: Անոնք, ըստ գերմանական պետական շրջանակներու, չեն համարկուած (integrate) գերմանական հասարակութեան հետ եւ տակաւին իրենք զիրենք կը նկատեն թուրք եւ ոչ գերմանացի, հակառակ անոր, որ հոն կը գտնուին տասնամեակներէ ի վեր: Եւրոպայի քաղաքներու մէջ շատ սովորական երեւոյթ է լսել թրքերէն խօսողներ, լսել թրքական երաժշտութիւն: Թրքական ապրանքներ ծախող խանութներ կան բոլոր քաղաքներուն մէջ եւ հոն աշխատողներն ալ թուրքեր են: Թուրքերը ընդգրկուած են տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ? անոնք Եւրոպա բերած են իրենց խոհանոցը, իսկ այսօր, նոյնիսկ փոքր քաղաքներու մէջ կան թրքական doner kebab ճաշարաններու ցանցը, որ միայն Գերմանիոյ մէջ կը հաշուէ 15,000է աւելի խանութ: Անիկա օրական կը սպառէ քանակութեամբ աւելի շատ միս քան McDonald-ը եւ Burger King-ը միասին հաշուած:
Թրքական համայնքներուն մօտաւորապէս 20 տոկոսը ծագումով քիւրտեր եւ զազաներ են: Կան նաեւ ազգութեամբ հայեր, որոնք, սակայն, թրքական ազգանուն ունին եւ եւրոպական կառավարութիւններուն կողմէ կը նկատուին իբրեւ թուրքեր:
Վաթսունականներէն մինչեւ եօթանասունականներու սկիզբը, թրքական պետական շրջանակներուն համար թուրք գաղթականները պարզապէս յետամնաց Անատոլուի անկիրթ գիւղացիներն էին (koylu), կամ՝ օտար դրամանիշ ուղարկող գործիքներ (Devis Makinasi)??? ութսունականներէն մինչեւ իննսունականները՝ իբրեւ արտագնայ աշխատողներ (yurdishi turkler) կամ (gurbetchiler), բոլորն ալ այդ զանգուածները նսեմացնող կոչումներ են:
Թրքական համայնքներուն նկատմամբ մերժողական կամ արհամարհական վերաբերմունքը փոխուեցաւ միայն 2000էն սկսեալ, Ռեչեփ Էրտողանի իշխանութեան գալէն ետք, երբ անոնք սկսան նկատուելու եւ կոչուելու »թրքական սփիւռք« (diaspora), իսկ արտասահմանի թուրքերը՝ հայրենակիցներ:
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանով սկսաւ 21րդ դարու թրքական նոր, արկածախնդիր եւ ծաւալապաշտ, թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ տնտեսական քաղաքականութիւնը, եւ այդ նպատակին համար կարեւոր էր օգտագործել նաեւ Եւրոպայի ու ընդհանրապէս արտերկրի թուրքերուն քանակական, քաղաքական եւ տնտեսական կարողականութիւնը: Անոր օրերուն է որ եւրոպական այդ երկիրներու թրքական համայնքներուն մէջ սկսան կազմաւորուելու թուրք քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնց նպատակն էր՝ իրենց թիւերով ազդել տեղական քաղաքականութեան վրայ, առաջ տանիլ թրքական շահերուն սպասարկող լոպիինկ եւ ի պահանջեալ հարկին՝ կազմակերպել հանրահաւաքներ ու ցոյցեր:
Նման հանրահաւաքներէն կարեւորագոյնն էր 2008ի գերմանական Քէօլն (Cologne) քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքը, Ludwigshafen քաղաքին մէջ հրդեհի մը ընթացքին 9 թուրքերու մահուան առիթով? հաւաքին ընթացքին դեռ վարչապետ Էրտողանը, քանի մը ժամ սպասցնելէ ետք իրեն աջակցութեան եւ իր խօսքը լսելու եկած քսան հազարի հասնող բազմութեանը, կրակոտ եւ հռետորական ճառով մը դիմեց անոնց՝ ըսելով? »Թուրք ժողովուրդը բարեկամ եւ հանդուրժող ժողովուրդ է, եւ ո՛ւր որ ան երթայ, իրեն հետ կը տանի սէր եւ խինդ? այսօր երեք միլիոն թուրքեր կ՛ապրին Գերմանիա եւ ձուլման քաղաքականութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր է: Դուք պէտք է սորվիք սահուն խօսիլ գերմաներէնը, որպէսզի բարձր դիրքերու տիրանաք գերմանական հասարակութեան մէջ, սակայն մեր երեխաները պէտք է նաեւ սորվին թրքերէ՛ն, մեր մայր լեզուն թրքերէ՛նն է: Թուրքերը պէտք է կարեւոր դեր խաղան գերմանական քաղաքականութեան մէջ, ինչո՞ւ մենք չունինք լոպիներ Գերմանիոյ, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մէջ: Դուք Թուրքիոյ դեսպաններն էք այս երկիրներուն մէջ, օգնեցէք մեզի, որ միանանք եւ ընդգրկուինք Եւրոպական Միութեան մէ«ջ: Այդ հանրահաւաքը օրին մեծ աղմուկ եւ մտահոգութիւն յառաջացուց գերմանական պետական շրջանակներուն մէջ, արդարեւ, անիկա առաջին անգամն էր, որ թուրք ղեկավար մը այսպիսի ելոյթ մը կ՛ունենար եւ այդքա՛ն բազմութիւն կը հաւաքէր իր շուրջ, երբ պաղ պատերազմի աւարտին՝ Պերլինի պատի քանդումին առիթով, հազիւ 10,000 հոգի ներկայ եղած էր:
Թրքական հետաքրքրութիւնը իր սփիւռքով եւ անոր նեցուկ կանգնիլը նպատակ ունի (անշուշտ ըստ իրենց)՝
1- Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտում.
2- Եւրոպական Միութեան հետ աւելի սերտ կապերու ամրապնդում.
3- Թուրքիան ճանչցնել իբրեր ուժեղ շրջանային պետութիւն եւ պահպանել թրքական ինքնութիւնը Եւրոպայի մէջ.
4- Արժեզրկել եւ պայքարիլ քրտական ահաբեկչական կազմաւորումներու եւ Կիւլենիստ ուժերուն դէմ.
5- Պայքարիլ Եւրոպայի մէջ աճող Իսլամոֆոպիայի եւ ազգայնականութեան դէմ։
Թրքական սփիւռքը, Ռեչեփ Էրտողանի իշխանութեան գալէն ետք, այս երկու տասնամեակներուն ընթացքին անհամեմատ հզօրացած է եւ նպատակ դրած չէզոքացնել հայութեան քաղաքական ազդեցութիւնը թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ Ամերիկայի մէջ: Եւրոպայի մէջ արդէն իսկ յաջողութեան հասան, երբ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դրժման քրէականացումը հաստատող օրէնքը կրցան շրջել եւ չեղեալ համարել տալ: Ամերիկայի մէջ ալ ոգի ի բռին կ՛աշխատին, ձախողցնելու համար Հայ Դատին՝ Հայաստանի ի նպաստ բոլոր նախաձեռնութիւնները:
Թրքական այս ահազանգային նպատակաուղղուածութեան եւ աշխատանքին դիմաց մեր հակադարձութիւնը ցարդ կը թուի ըլլալ անհամաչափ, աւելին՝ ամէն ժամանակէ աւելի մենք պարտէինք միաբան ըլլալ թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ: Պէտք է համադրել, կարգաւորել եւ ուժեղացնել Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնը եւ գործակցութիւնը, դիմագրաւելու համար թրքական բազմակողմանի հակահայ այս քաղաքականութեան: Այս ամուլ եւ յուսալքուած հոգեվիճակէն դուրս գալու համար, պէտք է գտնել նոր ուղիներ, լեցուիլ նորովի կամքով եւ վճռակամութեամբ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել եւ օգտագործել մեր ունեցած ներուժը:
Ճիշդ է, որ պէտք չէ գերագնահատել մեր այդ ներուժը, սակայն պէտք չէ նաեւ թերագնահատել զայն:
Ասի շատ լաւ գրվածք մըն է. ամմէննուս կըհիշեցնէ որ թիւրքերը ամմէն տեղ գործի վրայ են, իրենց նախագահն ալ կաշխատի որ դուրսի թիւրքերը լաւ կապի մէջ ըլլան իրենց երկիրին հետը, ըսել է որ իրենց սփիւրքին յարգը գիտէ, դուրսիններն ալ կընեն ինչ որ Էրտողանը կըսէ որ ընեն: Լսեցինք որ Լոս Անճելոսի մէջը թիւրքերը հայերուն դէմը դրուցիկներ բակցուցեր են պատերուն վրայ, ըսել է որ ամմէնէն շատ հայ գտնված տեշերն ալ կը խարնեն: Չիմորնանք որ Լիբանանին մէջն ալ հուշարցան մը դրին: Կարծիքս ըսեմ: Աս գրվածքը լաւ կըլլայ որ Նիկոլ Բաշինեանին ղրկվի, որպէսզի տեսնէ որ դուրսի հայերուն հետ ինչպէս պէտք է որ վարվի, ըսել է Հայասատնի եւ Արցախի համար աշխատողներուն թշնամի չինկատէ, Հայաստանի եւ դուրսի հայերը կտոր կտոր չընէ, հապա բոլորին միացնէ Հայաստանի համար աշխատելու մէջ: Պիտի ըսէք, որ աս մարդը անանկ բան ընողներէն չէ: Ճիշդ է: Հիմա պիտի ըսէք որ ուր հասանք, Էրտողանէն օրինակ մը՞ պիտի արնենք: Աս Բաշինեանը եւ իր հետը եղողները մեզի հոս հասցուցին: Ներողութիւն բոլորինդ: Մենք Էրտողանին եւ թիւրքերուն պէտք չունինք որ իրարու ձերք բրնենք, մեր հայրենիքին համար աշխատինք: Ասանկ ըրած ենք, Բաշինեանը չիկռնար աս ձեվը կեցնել: