ԻՉԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իջեւան քաղաքի Սպիտակ լիճի տարածքին մէջ շուտով աւարտին կը հասնի նոր իջեւանատան մը կառուցումը։
Ըստ Իջեւանի քաղաքապետ Վարուժան Ներսիսեանի, Իջեւանը, որպէս զբօսաշրջութեան ներուժ ունեցող քաղաք, պանդոկներու խնդիր ունի։ «Ուզում ենք, որ մեր զբօսաշրջիկը գոհ հեռանայ քաղաքից։ Շատերը քնելու յարմարաւէտ տեղ չունենալու պատճարով մէկ օրով են գալիս, այս դէպքում մենք մեր խնդրին մի քիչ լուծում ենք տալիս», նշեց քաղաքապետը։
Նշենք, որ իջեւանատունը պիտի ունենայ 10 սենեակներ, ճաշասրահ, սրճարան, ինչպէս նաեւ հարսանեկան սրահ։