Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեան նամակներ ուղարկեց Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած շարք մը երկիրներու դեսպաններուն՝ ներկայացնելով Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական հարցերը:
Նախարարը յորդորեց դեսպանները՝ իրենց կառավարութիւններուն փոխանցել Արցախի կոչը` «գործուն միջոցներ ձեռնարկել, այդ թւում` կիրառել պատժամիջոցներ կամ ազդեցութեան այլ գործիքակազմ` ուղղուած Արցախի ապաշրջափակմանը եւ Ադրբեջանի յանցաւոր նպատակների կանխմանը»:
Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակումը Արցախի հայաթափման ուղղուած առաջին փորձը չէ, նամակին մէջ կ՛ըսէ արտաքին գործոց նախարարը՝ նկատել տալով, որ անիկա ուղղակի շարունակութիւնն է 2020ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակման, որուն ընթացքին բռնագրաւուեցաւ Արցախի տարածքին զգալի մասը, իսկ 38 հազար անձեր դարձան գաղթական կամ ներքին տեղահանուածներ:
Ըստ Ղազարեանի՝ Ատրպէյճանի հրաժարիլը՝ Կաշէնի հանքավայրին մէջ անկախ միջազգային դիտարկում կատարելու՝ Արցախի կառավարութեան առաջարկէն, յաւելեալ ապացոյց է, որ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ ղեկավարուող «բողոքի ցոյց»ը բոլորովին այլ նպատակ ունի. մասնաւորապէս, ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել Լաչինի միջանցքը` խախտելով 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութիւնը:
Հակադարձելով Ատրպէյճանի կեղծ պնդումներուն առ այն, որ Լաչինի միջանցքը բաց է՝ նախարարը դիտել կու տայ, որ 12 Դեկտեմբեր 2022էն այսօր, Արցախի ոեւէ բնակիչի պատկանող ինքնաշարժ այդ ճամբով չէ անցած, իսկ արգելափակուած միջանցքով անցնելու թոյլտուութիւն կը ստանան միայն Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ինքնաշարժները:
«Աւելին, չկարողանալով միջազգային հանրութեանը համոզել, որ «բողոքի ակցիան» (ցոյցը) իբր էկոլոգիական (բնապահպանական) բնոյթ է կրում` Ադրբեջանի իշխանութիւնները պնդում են, որ Լաչինի միջանցքում տեղի ունեցողն իրենց ներքին գործն է, եւ նրանք պարտաւոր չեն այն քննարկել որեւէ երկրի հետ: Մինչդեռ ակնյայտ է, որ Ադրբեջանի վերոնշեալ բոլոր գործողութիւնները հետապնդում են միայն մէկ նպատակ` Արցախի հայաթափում», նամակին մէջ գրած է Ղազարեան: