ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- «Համաս» համաձայն է Իսրայէլի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու վերսկսման։ Դիւանագիտական աղբիւրներ Գահիրէի մէջ յայտնեցին, որ պաղեստինեան կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար՝ «Համաս»ի անդամ Մահմուտ Զահհար համաձայն գտնուած է այդ իմաստով արաբ արտաքին գործոց նախարարներու հաղորդագրութեան։ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները իրենց ժողովի եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ կոչ կ՚ուղղեն գումարելու Միջին Արեւելքի մէջ արդար, ամբողջական եւ վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու միտող խորհրդաժողով մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.