
Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթին՝ Թուրքիա, շրջանցելով Մոսկուայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, ամերիկեան արտադրութեան սարքեր, պահեստամասեր եւ ռազմական նշանակութիւն ունեցող այլ ապրանքներ վաճառած է Ռուսիոյ: Այդ արտադրութեան մէկ մասին պատուիրատուն Ռուսիոյ բանակն է:
Ըստ ամերիկեան օրաթերթին՝ առնուազն 13 թրքական ընկերութիւններ Ռուսիոյ շուկայ հասցուցած են շուրջ 18.5 միլիոն տոլարի արտադրանք, զանազան փոխադրամիջոցներ եւ այլ ապրանքներ:
Օրաթերթը բացայայտեց, որ արտադրութիւնները գնած են Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումին հետ առնչութիւն ունենալնուն համար պատժամիջոցներու տակ գտնուող առնուազն 10 ռուսական ընկերութիւններ:
Թրքական ընկերութիւնները, խախտելով ամերիկեան արտածման հսկողութեան կանոնները՝ 2022ի Մարտէն Հոկտեմբեր, Ռուսիա ուղարկած են նաեւ 15 միլիոն տոլարի հասնող ամերիկեան վերելակներ, ելեկտրածին եւ համակարգչային սարքեր:
Թրքական արտադրութիւն ստացած ռուսական ընկերութիւններու շարքին են «Մարտավարական հրթիռներ» ընկերութեան ձեռնարկութիւն մը, որ սարքներ կ՛արտադրէ ռուսական զինուորական նաւատորմիղին համար, եւ հրացաններ արտադրող «Փրոմթեխնոլոկիա» ընկերութիւնը:
Երկուքն ալ կը գտնուին պատժամիջոցներու ցանկին վրայ: