Ինչպէ՞ս կարելի է դէմք մը կարդալ:
Ընկերային ջղագիտութեան (neuroscience) դաշտը հաստատուած է այն համոզումին վրայ, թէ մարդկային ուղեղները իրարու հետ տարօրինակ «լարային կապեր» ունին:
Այս փորձը կատարուած է իւրայատուկ մեքենայով մը: Հիւանդ մը իր բժիշկին հետ միասին կը կապուին յատուկ գործիքի մը, որ սրտի տրոփումներուն տարբերութիւնները եւ նաեւ «մորթին ղեկավարութիւնը» կը չափէ: Մէկ տարուան դարմանումի ենթարկուելէն ետք հիւանդը իր ընկերուհիին ամուսնութեան առաջարկ ըրաւ եւ «այո»ն ստացաւ անկէ: Այս լուրը փոխանցեց իր բժիշկին: Գործիքը հաստատեց, թէ տարօրինակ կերպով երկու անհատներու պարագային նոյն ձեւով գործիքին գիծը բարձրացաւ կամ վար իջաւ, նոյն համաչափութեամբ: Այս մէկը անշուշտ կը հաստատէ, թէ նոյն խանդավառութիւնը ապրեցան երկու անձնաւորութիւններն ալ: Ուրեմն, երբեք պատահականութիւն չէ, երբ կ’ըսենք, թէ «նոյն ալիքներուն վրայ կը գտնուինք»: Նման պարագաներու կը հաստատուի այս ժողովրդային արտայայտութիւնը:
Ճիշդ այս կէտին վրայ հիմնուած է գիտնական-գրագէտ Տանիէլ Կոլմընի նոր հրատարակած «Ընկերային իմաստութիւն. Նոր գիտութիւնը մարդկային յարաբերութիւններուն» գիրքին մէջ: Ինչպէս որ հեղինակը կը հաստատէ, մարդկային ուղեղները լարային կապեր ունին իրարու հետ եւ այդ կապը մեր պատկերացումէն շատ աւելին է: Այնպէս չէ, որ միայն ծիծաղը կամ լացը վարակիչ է, այլ նաեւ կարեկցիլը կամ վշտակցիլը ընկերոջ մը մեր ուղեղին մէջ նոյն ազդեցութիւնը եւ բնագիտութեան օրէնքներու համաձայն նոյն ջղային եւ զգացական շրջանները կը գործեն, ինչ որ հիմնական հարց ունեցող մեր ընկերոջ ուղեղին մէջ: Ասկէ 11 տարիներ առաջ նոյն հեղինակը՝ Կոլմըն, իր շատ կարեւոր գիրքը հրատարակեց «Զգացական իմաստութիւն» խորագիրով: Յիշեալ գիրքին մէջ հեղինակը կը բացատրէր, թէ ինչպէս ուղեղը կը յառաջացնէ մերժումի կամ առանձնութեան փորձառութիւնը: Այս բոլորը սերտելու համար գիտնականներ հաւաքուեցան ու վերծանել փորձեցին այն բոլորը, որոնց մասին խօսած էր հեղինակը: Այսօրուան իր այս գիրքն ալ հետագային բաւական աշխատանքի պիտի լծէ գիտնականները, որպէսզի նոր յայտնաբերումներ կատարեն:
Այս նոր յատնաբերումը կը կոչուի Ընկերային ջղագիտութիւն: Արդէն իսկ հետազօտութիւնները կը սերտեն, թէ ինչպէս գիտակցաբար ու անգիտակցաբար տեղի ունեցած ընթացքները կ’ազդեն մեր դէմքին ու մեր զգացումներուն վրայ: Անոնք նաեւ կը սերտեն մեր առանց խօսքի արտայայտութիւնները դէմքի միջոցաւ: Անոնք կը հաստատեն այնպիսի իրականութիւններ, որոնք բնազդաբար գիտէինք, բայց անոնց գիտական բացատրութիւնները չունէինք: Օրինակ՝ մերժումը շատ կը ցաւցնէ: Այս մէկը Քալիֆորնիոյ համալսարանի մէջ յստակ սերտուած է: Յատուկ scan-ի գործիքով մը տեսնուած է, թէ այդ մէկը ինչպիսի անդրադարձ կրնայ ունենալ ուղեղին այն մասին, ուր ֆիզիքական ցաւ կը զգայ մարդ արարածը: Իսկ այդ ազդեցութիւնը աւելի մեծ է այն մարդոց մօտ, որոնք ընկերային ուժեղ կապեր չունին: Այս իրողութիւնը գիտնալէն ետք դժուար թէ կարենանք անտեսել ընկերային ցաւը:
Մեր կեանքի տեւողութեան նման պարագաներ ֆիզիքական ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր վրան, ու մեր առողջութիւնը կը տուժէ այս պատճառով: Հետազօտողներ Ուիսքանսընի Մէտիսըն համալսարանի Ռիչըրտ Տէյվիտսըն տարրալուծարանէն ներս յայտնաբերած են այն իրողութիւնը, թէ սիրող անձի մը նեցուկ կանգնիլը դժուար ու ճնշող ժամանակներու ընթացքին ոչ միայն լաւ ու ապահով կը զգացնէ մեզ, այլ նաեւ կը հանդարտեցնէ ուղեղի ընթացքը, որ այդ միջոցին պիտի արտադրէ գերլարուածութեան հորմոնը: Յաճախ ու երկար ժամանակի տեւողութեան այս հորմոնին արտադրութիւնը կրնայ աւերիչ ազդեցութիւններ ունենալ մեր մարմինին վրայ, յատկապէս սրտանօթային դրութեան համար: Ուրեմն, այս հորմոնին նուազ արտադրութիւնը միայն օգտակար կ’ըլլայ մարմինին: Այս իմաստով երբ կը նկատենք, թէ նման պարագաներ յատկապէս մարդոց առողջութեան կը սպառնան, շատ աւելի ուշադիր ու պատասխանատու կ’ըլլանք մարդոց հետ մեր յարաբերութեան եղանակին մէջ:
Այս պարագան վերլուծող ու գիրք հրատարակող հեղինակը՝ Կոլմըն, յաւելեալ պարտաւորութիւններ կը դնէ մարդոց ուսերուն: Ան կը յիշատակէ գործատէրերը եւ կը շեշտէ անհրաժեշտութիւնը գործատիրոջ գիտակցութեան, որ իր աշխատաւորները պահէ խաղաղ մտային ու հոգեկան վիճակի մէջ: Այս մէկը, կը գրէ հեղինակը, գործատէրերը կրնան կատարել միայն իրենց աշխատաւորներուն հետ դրական վերաբերմունք ցուցաբերելով եւ անոնց քաջալերելով: Հեղինակը կը հաստատէ նաեւ, որ որեւէ սենեակի մէջ զգացումները շատ ուժեղ եւ արագ կերպով կը փոխանցուին ամէնէն զօրաւոր անձնաւորութենէն դէպի միւսները: Բնականաբար ուրեմն շատ աւելի արագ պիտի ըլլայ գործատիրոջ ազդեցութիւնը եւ զօրաւոր իր աշխատաւորներուն վրայ, որովհետեւ գործաւորները չափազանց զգայուն կերպով կ’ընկալեն իրենց գործատիրոջ խօսածներն ու գործերը:
Ուսուցիչները նաեւ պէտք է գիտնան, թէ աշակերտներուն այն կեցուածքները, որ իրենց անձերուն վնաս կը հասցնեն, արդիւնք է անհասանելի էակներ ըլլալուն: Հեղինակը նաեւ պաշտպան փաստաբան մըն է ընկերային եւ զգացական ուշիմութեան ծրագիրի գործադրութեան դպրոցներէն ներս: Այս ծրագիրը աշակերտներուն կը վարժեցնէ սորվիլ ու հասկնալ երենց առօրեայ հարցերը, ղեկավարել իրենց երբեմնի անտեղի պոռթկումները եւ մանաւանդ՝ ընկերներու աննպաստ ու անտրամաբանական ճնշումը: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ այն դպրոցներուն մէջ, ուր այս ծրագիրը կը գործադրուի, վայրագութեան նուազ պարագաներ արձանագրուած են՝ ինչպէս նաեւ բռնութիւնը սանձուած ու սահմանափակ է եւ տակաւին ամէնէն ապշեցուցիչը՝ անոնց քննութեան արդիւնքներն էին, որոնք միայն հպարտութիւն կը բերեն այդ դպրոցներուն:
Այս իմաստով հետաքրքրական է նաեւ իմանալ, թէ ուղեղի այն բաժինը, ուր կը զարգանայ այս իմացութիւնը, ամէնէն ուշը կը զարգանայ՝ մօտաւորապէս 20ական տարիքին: Ունինք ուրեմն բաւական առիթ եւ ժամանակ զարգացնելու ուղեղին յատկապէս այս մասը: 20էն ետք նաեւ կարելի է որոշ չափով զարգացնել այս բաժինը մեր ուղեղին մէջ: Ուրեմն՝ երբեք ուշ չէ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կարելին պէտք է կատարէ ուղեղի ընկերային զգացական մասնիկը զարգացնելու համար:
Անոնք, որոնք յատկապէս երեխաներու եւ նոր սերունդին հետ գործ ունին՝ ուսուցիչներ, ծնողներ, առաջնորդներ, առաւելաբար պէտք է իրենց ուժը, գիտելիքները եւ իմաստութիւնը փոխանցեն նոր սերունդին:
Զգացական կարեկցանք եւ օգնելու միտումով երկարած ձեռքեր կրնան հրաշքներ գործել եւ ամբողջութեամբ մեր շրջապատին էութիւնը կը փոխեն:
Ուրեմն, շատ փոքր տարիքին սորվեցնել ընկերներու յարգը եւ կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս: Ընկերդ անձիդ պէս սիրել, ինչպէս պատուիրանը կը թելադրէ եւ անոր բոլոր պահերը հետը կիսել ու ապրիլ այդ խինդով կամ վիշտով:
Կեանքը կրնայ ամբողջութեամբ դատարկ ըլլալ այն անձին համար, որ ընկերներու յարգը գիտէ ու հեռու է իրենցմէ, իսկ կողքին ուրիշ մը, որուն համար սէրը եւ ընկերութիւնը անհրաժեշտ չեն համարուիր, կրնայ ամբողջ կեանք մը ապրիլ առանձին եւ առանց գիտնալու իր բազմազան հիւանդութիններուն ու գերճնշուածութեան պատճառները:
Ուրախութիւնդ, տխրութիւնդ, ցաւդ, ճաշդ եւ ժամանակդ ընկերներուդ ու բարեկամներուդ համար ալ վերապահէ: Վստահ եղիր, որ անոնք քեզի պէտք ունին եւ տակաւին պիտի զարմանաս, թէ դուն ինչքան պէտք ունիս անոնց քու հոգեկան, մտային, առողջական եւ անշուշտ ընկերային մասնիկներուդ համար:
Այս մէկը կրնանք մեր երեխաներուն վարժեցնել շատ փոքր տարիքէն, որպէսզի առաւելաբար օգտուին անկէ իրենց անհատական եւ հաւաքական կեանքերուն մէջ: Ընկերներու համար զոհողութեան գաղափարը վառ պահենք երեխաներուն մօտ:
Իւրաքանչիւր պահը կամ ժպիտը, որ կը տրամադրես ընկերոջդ, անոր տասնապատիկը կը փոխանցուի քեզի տարբեր եւ կամ նմանօրինակ կեցուածքի մը ընդմէջէն:
Այս շատ պարզ եւ մեծերէն սորված մեր «դաս»ը այսօր արդիական աշխարհի գիտութիւնը կը փաստէ տուեալներով…: