
Երկու Մուսալեռցիներ Երկրաշարժին Զոհ Գացին
Չորեքշաբթի, 8 Փետրուարին, Մուսա լերան Վագըֆ գիւղի գիւղապետ Պերճ Գարթուն հաստատեց, որ 6 Փետրուարի աւերիչ երկրաշարժին երկու մուսալեռցիներ զոհ գացին, սակայն ոչ Մուսա լերան մէջ, այլ ուրիշ քաղաքներու մէջ: Գարթուն նաեւ յայտնեց, որ ժողովուրդը կը գիշերէ գիւղին կեդրոնը, վրաններու տակ, ճաշարանին կից: Երկրաշարժին յետցնցումները զօրաւոր են, եւ մարդիկ չեն ուզեր իրենց տուներուն մէջ մնալ:
Վագըֆի բոլոր տուները եւ եկեղեցին վնասուած են երկրաշարժէն: Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը օգնութիւններ կ՛ուղարկէ Վագըֆ։
Հալէպէն «Գանձասար»ը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերուն, երկրաշարժի յետցնցումները շարունակուեցան՝ աւելցնելով, որ Հալէպի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ինքնաշարժներու, ազգային միութենական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ պետութեան տրամադրած ապաստանարաններուն մէջ անցուց ամբողջ գիշերը։
Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին եւս նիւթական թեթեւ վնասներ կրած է, իսկ Քեսապի մէջ մեծ վնասներ կրած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ կարգ մը տուներ վնասուած են:
Հալէպի Կիլիկեան երկրորդական վարժարանը երկրաշարժին պատճառով նիւթական վնասներ կրած է։ Վարժարանի տնօրէնութիւնը որոշած է փակ պահել վարժարանին դռները՝ մինչեւ համապատասխան մարմիններ ստուգեն կառոյցին վիճակը եւ անհրաժեշտ նորոգութիւնները կատարեն։
Երեքշաբթի, 7 Փետրուարի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, ազգայիններու եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի՝ այցելեց երկրաշարժէն փրկուած եւ մարմնական վնասներ կրած հայորդիներու, «Ֆրիշօ» հիւանդանոցին մէջ։ Սրբազան հայրը, իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ ի խորոց սրտի աղօթեց ահաւոր երկրաշարժէն Տիրոջ նախախնամութեամբ փրկուած հայորդիներուն համար, գօտեպնդելով զիրենք եւ մաղթելով Ամենակալին զօրութեամբ շուտափոյթ ապաքինում։

Միւս կողմէ, բազմաթիւ տագնապներու եւ փոթորիկներու տակ կքած եւ իր ջիղերուն հակակշիռը հազիւ որոշ սահմանի մը հասցնող լիբանանցի քաղաքացիները իսկապէս ցնցուեցան եւ ահ ու սարսափի մատնուեցան ուժգին երկրաշարժին պատճառով:
Սարսափահար բնակիչները մեծ մասամբ փութացին իրենց բնակարաններէն եւ շէնքերէն դուրս` ուղղուելով բացօթեայ վայրեր` կառատուներ կամ մօտակայ թաղամասեր, ուր մնացին իրենց ինքնաշարժներուն մէջ, աւելի ապահով զգալու համար: Լիբանանը ցնցած երկրաշարժը մարդկային ոչ մէկ վնաս արձանագրեց, իսկ նիւթական վնասները սահմանափակ էին:
Նաեւ, Սուրիա օր մը առաջ կոչ ուղղեց ՄԱԿի անդամ երկիրներուն, քարտուղարութեան, կազմակերպութեան գործակալութիւններուն, հիմնարկութիւններուն, Միջազգային Կարմիր Խաչին եւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու եւ զօրակցելու Սուրիոյ պետութեան՝ երկրաշարժի հետեւանքները փարատելու ճիգերուն եւ փլատակներու տակէն զոհերը դուրս բերելու աշխատանքին։
Արդէն իսկ Իրանի, Իրաքի, Ալճերիոյ եւ այլ երկիրներու տրամադրած մարդասիրական օգնութիւններով բեռցուած օդանաւեր սկսան հասնիլ Դամասկոսի Միջազգային օդակայանը, որպէսզի տրամադրուին Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն վնասուածներուն։
Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ տարածքին զոհերու ընդհանուր թիւը անցաւ 7200ի սահմանը, որոնց մեծամասնութիւնը արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ։ Վիրաւորուած են առաւել քան 30,000 անձեր։

