ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15ին, Կազայի տարբեր շրջաններուն մէջ զինեալ բախումներ տեղի ունեցան պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի «Ֆաթհ» կազմակերպութեան եւ վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէի «Համաս» կուսակցութեան զինեալներուն միջեւ, քաղաքացիական պատերազմի մը հաւանականութիւնը աւելի մտահոգիչ դարձնելով:
Լարուածութիւնը սրած էր Հինգշաբթի օր Եգիպտոս-Կազա սահմանագիծին մօտերը «Ֆաթհ»ի զինեալներուն կողմէ վարչապետին վրայ յարձակումէն ետք, որու հետեւանքով սպաննուած էր վարչապետին թիկնապահ մը եւ վիրաւորուած էին քանի մը ուրիշներ, ներառեալ վարչապետին զաւակը:
Յայտնենք, թէ Հանիյէ վերջապէս կրցաւ Կազա անցիլ, երբ Իսրայէլի պահանջով Եգիպտոս ձգեց 35 միլիոն տոլար գումար մը, զոր ան կը փորձէր Կազա մտցնել:
Ուրբաթ օր, «Ֆաթհ»ի հովանիին տակ գործող ապահովական ուժեր նաեւ կրակ բացին «Համաս»ի խումբ մը համակիր ցուցարարներու վրայ, վիրաւորելով 32 հոգի, որոնց մէկ մասը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:
Աւելի ուշ, աւելի քան 100,000 պաղեստինցիներ «Համաս»ի ի նպաստ ցոյց մը կատարեցին Կազայի մէջ: