
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը Երեքշաբթի, 7 Փետրուարին հաղորդեց, թէ անսալով ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կոչին՝ որոշած է անմիջապէս 50,000 տոլար յատկացնել ահաւոր երկրաշարժէն տուժած սուրիահայութեան անմիջական օժանդակութիւններ հասցնելու ջանքերուն։
Մարդկային կորուստներու եւ վիրաւորներու կողքին, սուրիոյ հայ համայնքը նաեւ նիւթական մեծ վնասներ կրեց Կիլիկիան հարուածած երկրաշարժին պատճառով։ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը արդէն իսկ գործի անցած է՝ ուտեստեղէն եւ ապաստան տրամադրելու եւ համայնքի այլ կարիքներուն հասնելու համար, կը տեղեկացնէ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, որուն միջոցաւ սուրիահայութեան աջակցելու համար այցելել կայքը, կամ նուիրատուութիւնը յղել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կեդրոնը՝ 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202 հասցէին։
«Գանձասար»ը կը տեղեկացնէ, թէ անցնող օրերուն, Հալէպի եկեղեցիներուն եւ ազգային կեդրոններուն մէջ ապաստանած հայորդիներու ուտելիքի մատակարարում կատարեցին ակումբի կամաւոր հայ երիտասարդները, որոնք նաեւ մասնակցեցան շտապ օգնութեան բոլոր աշխատանքներուն։
