Արդեօք որեւէ կապ կա՞յ Լիբանանի ռմբակոծումներուն եւ աշխարհի լայն ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող քարիւղի խողովակաշարի բացումին միջեւ, խողովակաշար մը, որ օրական մէկ միլիոն տակառ պիտի փոխադրէ դէպի արեւմտեան շուկաները։
Լուսարձակներէ հեռու, Ճէյհան-Թիֆլիս-Պաքու (ՊԹՃ) քարիւղի խողովակաշարի բացումը (խողովակաշարը, որ Կասպից Ծովը կը կապէ Արեւելեան Միջերկրականին) տեղի ունեցաւ 13 Յուլիս 2006ին, ճիշդ՝ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սկսած ռմբակոծումներու երկրորդ օրը։
Լիբանանի վրայ օդային յարձակումէն մէկ օր առաջ, ՊԹՃ խողովակաշարի ծրագրի բաժնետէրեր եւ գործընկերներ, որոնց մէջ կային նաեւ մի քանի պետութիւններու նախագահներ եւ քարիւղի ընկերութիւններու գործավարներ, ներկայ էին Ճէյհանի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցող բացումի արարողութիւններուն, ուրկէ անոնք անմիջապէս փոխադրուեցան Պոլիս, ուր իրենց ի պատիւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը Թուրքիոյ նախագահ Ահմէտ Նեճտէթ Սէզէրի կողմէ։ Ներկաներուն մէջ էր նաեւ BP-ի (Պրիթիշ Փեթրոլիում) աւագ գործավար )CEO) Լորտ Պրաունը, որուն կ’ընկերակցէին կառավարական աւագ պաշտօնատարներ՝ Անգլիայէն, ԱՄՆէն եւ Իսլայէլէն։
BP կը գլխաւորէ ՊԹՃի խողովակաշարի համագործակցականը )consortuim), ուր բաժնետէրեր են նաեւ Chevron, Conoco Phillips, ֆրանսական Total-ը եւ իտալական ENI ընկերութիւնը։ Իսրայէլի ուժանիւթի եւ ենթակառուցային նախարար Բենիամին Պէն-Էլիզարն ալ ներկայ էր բացումին, որուն կ’ընկերանար բարձրաստիճան պաշտօնատարներու պատուիրակութիւն մը։
ՊԹՃ խողովակաշարը Ռուսիոյ հողամասերէն չ’անցնիր։ Ան կ’անցնի նախկին սովետական ատրպեճանական եւ վրացական հանրապետութիւններու ընդմէջէն, որոնք այսօր դարձած են ամերիկեան խնամակալութիւններ (Protectorate) եւ որոնք սերտօրէն համարկուած են զինուորական դաշնակցութեան մը մէջ, որ կ’ընդգրկէ նաեւ ԱՄՆը եւ ՆԱԹՕն։ Կայ նաեւ աւելին. Ատրպէյճան եւ Վրաստան երկուքն ալ Իսրայէլի հետ ունին զինուորական երկարատեւ համագործակցութեան համաձայնութիւններ։
Իսրայէլ շահաբաժին ունի ազերիական քարիւղի արտահանումներէն, որոնցմէ ան կը ստանայ քարիւղի իր սպառումներուն հարիւրէն քսանը։ Խողովակաշարի բացումը մեծ զարկ պիտի տայ Իսրայէլի Կասպեան ծովու աւազանէն ներածումներուն։
Սակայն ուրիշ տուեալ մը կայ, որ ուղղակի կապ ունի Լիբանանի պատերազմին հետ։ Տրուած ըլլալով որ Ռուսիա կորսնցուցած է իր երբեմնի ազդեցութիւնը, Իսրայէլ պատրաստ է կարեւոր ռազմավարական դերակատարութիւն մը ունենալու՝ «պաշտպանելու» համար Ճէյհանէն մեկնող Արեւելեան Միջերկրականի փոխադրական միջոցներն ու խողովակաշարի նրբանցքները։
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻՉԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ (MILITARIZATION)
Լիբանանի ռմբակոծումը մաս կը կազմէ բծախնդրօրէն եւ համադրուած կերպով ծրագրուած զինուորական կարեւորութիւն ունեցող ճանապարհի մը քարտէսին (military road map)։ Ամերիկեան եւ իսրայէլեան զինուորական ծրագրողներ արդէն նկատի առած էին պատերազմին տարածուիլը դէպի Սուրիա եւ Իրան։ Ընդհանուր առումով զինուորական ծրագրումը առնչուած է ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող քարիւղին եւ քարիւղի խողովակաշարերուն։ Անոր նեցուկ կանգնողներն են քարիւղի արեւմտեան հսկաները, որոնց հակակշռին տակ կը գտնուին քարիւղի անցքերը։ Լիբանանի պատերազմին առումով, այս ծրագիրը կը նպատակադրէ Իսրայէլի ցամաքային հակակշռին ենթարկել Արեւելեան Միջերկրականի ծովեզերքները։
Այս տուեալներով, ՊԹՃ խողովակաշարը, որ առաւելաբար ենթակայ է British Petrolium-ին, բոլորովին փոխած է արեւելեան Միջերկրականի աշխարհաքաղաքականութիւնը, տրուած ըլլալով որ ան այսօր կապուած է Կասպից ծովու աւազանին։
Ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը Յուլիս 14ին հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէր կացութիւնը. «ՊԹՃ խողովակաշարը մեծապէս կը փոխէ տարածաշրջանի երկիրներու օրինավիճակը եւ կը յառաջացնէ արեւմտամէտ նոր դաշինք մը։ Խողովակաշարը Միջերկրական հասցնելով, Ուաշինկթըն գործնականօրէն իրականացուց նոր միաւորում մը՝ իր եւ Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ»։
Իսրայէլ այլեւս մաս կը կազմէ անկլօ-ամերիկեան զինուորական առանցքին, որ արեւմտեան քարիւղի հսկաներուն շահերը կը պաշտպանէ Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։
Մինչ պաշտօնական տեղեկութիւններ կը յայտնեն թէ ՊԹՃ խողովակաշարը «քարիւղ պիտի հայթայթէ արեւմտեան շուկաներուն», գոյութիւն ունի կարեւոր ծրագիր մը, որ քիչ ծանօթ է բոլորին. այդ ծրագիրը այն է, որ Կասպեան ծովու քարիւղէն մաս մը ուղղակի պիտի փոխադրուի Իսրայէլ։ Այս առնչութեամբ, ընդծովեայ Իսրայէլ-թրքական խողովակաշարի մը ծրագրումը ընթացքի մէջ է, որ Ճէյհանը պիտի կապէ իսրայէլեան Աշքելոն նաւահանգիստին եւ քարիւղը հոնկէ պիտի փոխադրուի դէպի Կարմիր ծով՝ Իսրայէլի գլխաւոր խողովակաշարին կապուելով։ Իսրայէլի նպատակը ոչ միայն Կասպից ծովու քարիւղը ստանալն է, իր սպառողական ուրոյն պահանջներուն գոհացում տալու համար, այլեւ մեծ դերակատարութիւն ունենալ՝ նոյն այդ քարիւղը վերստին արտածելով Կարմիր ծովու Էլաթ նաւահանգիստէն դէպի ասիական շուկաներ։ Կասպից ծովու քարիւղի այս երկրորդ արտածումը ռազմագիտական շատ հեռահաս հետեւանքներ ունի։ Նախատեսուածը այն է, որ ՊԹՃ խողովակաշարը պիտի կապուի Անդր-իսրայէլեան Էլաթ-Աշքելոն խողովակաշարին, անկէ ալ փոխադրուելով իսրայէլեան Աշքելոն նաւահանգիստ։ Այս կապակցութեամբ, 2006 Ապրիլին Իսրայէլ եւ Թուրքիա ընդծովեայ չորս նոր խողովակաշարերու ծրագրումը յայտարարեցին, որ պիտի շրջանցէ սուրիական եւ լիբանանեան հողամասերը:
Ռուսական «Ռեկնում» վերլուծական կեդրոնը հետեւեալ ձեւով անդրադարձաւ այս իրադարձութեան. «Թուրքիա եւ Իսրայէլ բանակցութիւններու մէջ են՝ բազմամիլիոն տոլար արժողութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի ծրագրի մը շուրջ, որ ելեքտրականութիւն, ջուր, բնական կազ եւ քարիւղ պիտի փոխադրէ դէպի Իսրայէլ երկարող խողովակաշարերով եւ հոնկէ ալ քարիւղը պիտի փոխադրուի դէպի Ծայրագոյն Արեւելք՝ Իսրայէլի վրայով։
«Թուրքեւիսրայէլեան այս նոր ծրագիրները, որոնք ուսումնասիրութեան տակ են, ջուր, ելեկրտրականութիւն, բնական կազ եւ քարիւղ պիտի փոխադրեն դէպի Իսրայէլ, ընդծովեայ չորս խողովակաշարերով։
«Պաքուի քարիւղը Աշքելոն պիտի հասնի այս նոր խողովակաշարին միջոցաւ եւ հոնկէ պիտի ուղղուի դէպի Հնդկաստան եւ Ծայրագոյն Արեւելք )անցնելով Կարմիր ծովէն(։
«Ճէյհան եւ Միջերկրականի Աշքելոն նաւահանգիստը իրարմէ 400 քիլոմեթր հեռաւորութիւն ունին։ Քարիւղը կրնայ քաղաք փոխադրուիլ նաւերով, կամ ալ յատկապէս ջուրի տակէն կառուցուած խողովակաշարերով։ Աշքելոնէն կարելի է քարիւղը փոխադրել արդէն գոյութիւն ունեցող խողովակաշարերով դէպի Կարմիր ծովու Էլաթ նաւահանգիստը եւ հոնկէ ալ կարելի է փոխադրել զայն դէպի Հնդկաստան կամ ասիական այլ երկիրներ, դարձեալ քարիւղ փոխադրող նաւերով»։
ՉՈՒՐ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՄԱՐ
Այս ծրագրին մէջ ընդգրկուած է նաեւ խողովակաշար մը, որ ջուր պիտի փոխադրէ դէպի Իսրայէլ, ջուրը ներքաշելով Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու վերին աղբիւրներէն։ Այս մէկը Իսրայէլի համար շատ հինէն նկատի առնուած ռազմավարական ծրագիր մըն է, ի հեճուկս Սուրիոյ եւ Իրաքի։ Չուրի այս ծրագիրը մաս կը կազմէ Թէլ Աւիւի եւ Անգարայի միջեւ կնքուած համաձայնագիրի մը։
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՍԻՈՅ ՔԱՐԻՒՂԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ԸՆԹԱՑՔԸ
Կեդրոնական Ասիոյ քարիւղը եւ կազը այս նոր ճիւղաւորումով )իսրայէլեան պաշտպանութեան տակ( արեւելեան Միջերկրական հոսեցնելը եւ հոնկէ ալ զայն վերստին արտածելը դէպի Ասիա, կը միտի տկարացնել միջ-ասիական ուժանիւթի շուկան, որուն բարգաւաճումը կախեալ է՝ դէպի հարաւային Ասիա, Չինաստան եւ Ծայրագոյն Արեւելք երկարող եւ քարիւղի աղբիւրներուն ուղղակի կապուած խողովակաշարի նրբանցքներէն, որոնք քարիւղը կը փոխադրեն Կեդրոնական Ասիայէն եւ Ռուսիայէն դէպի հարաւային Ասիա եւ Ծայրագոյն Արեւելք։ Այս ձեւով կը նպատակադրուի տկարացնել Ռուսիոյ դերակատարութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Չինաստանը զրկել Կեդրոնական Ասիոյ քարիւղէն։ Ծրագիրը կը նպատակադրէ նաեւ մեկուսացնել Իրանը։ Մինչ այդ, Իսրայէլ համաշխարհային ուժանիւթի շուկային մէջ վերածուած կ’ըլլայ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունեցող պետութեան մը։
ՄԻՉԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՉ ՌՈՒՍԻՈՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Արեւելեան Միջերկրականի ծովեզերքը ռազմականացնելու ԱՄՆ-Իսրայէլ-Թուրքիոյ ծրագրին Մոսկուա հակադարձեց Սուրիոյ Թարթուս նաւահանգիստին մէջ ռուսական նաւային խարիսխ մը հիմնելու ծրագրով։
Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներ կը մատնանշեն, թէ Թարթուսի մէջ նաւային խարիսխ մը հիմնելով, Ռուսիա պիտի ամրապնդէ իր դիրքերը Միջին Արեւելքի մէջ, միաժամանակ պիտի ապահովէ Սուրիոյ անվտանգութիւնը։ Մոսկուա կը ծրագրէ նաեւ օդային պաշտպանութեան դրութիւն մը հաստատել խարիսխին շուրջ, անոր եւ Սուրիոյ հողային տարածքին մեծ մասին անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ )S-300 հեռահաս հրթիռները Սուրիոյ պիտի չյանձնուին, այլ միայն ռուսական անձնակազմեր պիտի հսկեն անոնց գործածութեան համար(։
Թարթուսի նաւահանգիստը կարեւոր ռազմագիտական դիրք ունի՝ լիբանանեան սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան մը վրայ գտնուելով։ Կայ նաեւ աւելին. Մոսկուա եւ Դամասկոս համաձայնութեան մը յանգած են՝ արդիականացնելու համար սուրիական օդուժը, հետեւակազօրքը եւ ընդծովեաները։
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ՔԱՐԻՒՂԻ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԵՐԸ
Լիբանանի ռմբակոծումէն առաջ Թուրքիա եւ Իսրայէլ յայտարարութիւններ ըրած էին ընդծովեայ խողովակաշարի մը որդեգրելիք ուղղութեան մասին, որ կը շրջանցէ Սուրիան եւ Լիբանանը։ Ընդծովեայ այս խողովակաշարի ճամբու ուղիները չեն խախտեր Սուրիոյ եւ Լիբանանի հողային սահմանները – միւս կողմէ, սակայն, ցամաքամասերու վրայ (ջուրի եւ քարիւղի) խողովակաշարեր զետեղելու տարբերակը՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ընդմէջէն, պէտք է ունենայ իսրայէլա-թրքական ցամաքային հակակշիռ մը՝ Արեւելեան Միջերկրականի ծովեզերքներուն վրայ։ Այլ ցամաքամասի մը վրայ կառուցուելիք քարիւղի նրբանցքը, որ կրնայ փոխարինել ընդծովեայ խողովակաշար մը, պէտք է նկատի առնէ Արեւելեան Միջերկրականի ծովեզերքներուն ռազմականացումը՝ Ճէյհանէն սկսեալ, անցնելով Սուրիայէն եւ Լիբանանէն, հասնելով մինչեւ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանը։
Միթէ այս չէ՞ Լիբանանի դէմ մղուած պատերազմին գաղտնի պահուած նպատակը։ Քարիւղի պաշարներուն համար ճամբայ բանալ, որպէսզի Իսրայէլ կարենայ իր հակակշռին ենթարկել լայնատարած հողամաս մը՝ Լիբանանի սահմանէն սկսեալ եւ Սուրիոյ վրայով մինչեւ Թուրքիոյ սահման։