ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ գործարարները սկսած են վնասներ կրել Վրաստանի եւ Ռուսիոյ սահամանային կէտ՝ Վերին Լարսի փակման պատճառով:
Ինչպէս երէկ նշեց առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, շատեր ստիպուած են Վերին Լարսէն դարձեալ վերադառնալ Նովոռոսիյսք: Ան աւելցուց, որ բարեբախտաբար, մեծ փոխադրողները, մեկնելով այս պայմաններէն, արագօրէն ճշդած են իրենց հետագայ քայլերը եւ բեռները կը տեղափոխեն այն նաւահանգիստները, մասնավորապէս՝ Իլիչեւսք, Վառնա (Պուլկարիա), ուրկէ Վրաստան տեղափոխելու խնդիր չի յառաջանար: