Ազգային ժողովը 9 Փետրուարին, պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկեց ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ փրոֆ. Արմէն Չարչեանը:
Գլխաւոր դատախազի միջնորդութիւնը բաւարարելու օգտին քուէարկեցին 67 պատգամաւորներ, իսկ մէկ քուէ անվաւեր նկատուեցաւ: Քուէարկութեան մասնակցեցան միայն իշխանական պատգամաւորները:
Դատախազութիւնը կ՛ուզէ »Իզմիրլեան« բժշկական կեդրոնի նախկին տնօրէն Արմէն Չարչեանը զրկել անձեռնմխելիութենէ՝ 2017ին կեղծ բժշկական եզրակացութիւն տալուն համար:
Յիշեցնենմ որ նախօրէին, խորհրդարանը անձեռնմխելիութենէ զրկած էր նաեւ »Հայաստան« խմբակցութեան ղեկավար, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը: