Միջին Արեւելքը հարուածած երկրաշարժը դժնդակ կացութեան մատնած է արդէն իսկ տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային բազմաթիւ տագնապներ դիմագրաւող հալէպահայութիւնը, որ 2011էն ի վեր կ՛անցնի սուրիական պատերազմի ահաւոր փորձութիւններուն ընդմէջէն։
Երկրաշարժը ծանր հարուած հասցուցած է հալէպահայ հայրենակիցներու անձնական թէ համայնքային ինչքերուն։ Վնասուած են բնակարաններ, գործատեղիներ, ինքնաշարժներ, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ։ Զոհուած են երկու հայրենակիցներ։
Ցնցուած է ամբողջ հալէպահայութիւնը։ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը Սուրիոյ իր ներկայացուցիչին եւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ճամբով մտահոգութեամբ կը հետեւի Հալէպի մէջ տիրող կացութեան։
Կասկած չկայ, որ հալէպահայութիւնը պիտի յաղթահարէ այս փորձութիւնը եւս, սակայն վերականգնելու եւ իր սպիները դարմանելու համար ան կարիքը ունի բոլորիս բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան։ Հետեւաբար, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը աշխարհասփիւռ իր Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններուն կը թելադրէ անհրաժեշտ դրամահաւաքներ կազմակերպել՝ ձեռք երկարելու համար հալէպահայութեան անմիջական կարիքներու ապահովման։
ՀՄԸՄի Սուրիոյ շրջանը ընդհանրապէս, եւ Հալէպի մայր գաղութի մասնաճիւղը յատկապէս, անցնող մէկ դարուն ՀՄԸՄի ճամբով շատ բան տուած է միութեան եւ հայութեան։
Այսօր, հաւաքական երախտապարտութեան եւ ազգային պարտականութեան կարգով, բոլորիս պարտքն է՝ կանգնիլ հալէպահայութեան կողքին, որպէսզի իր ներկայ ճգնաժամին մէջ ան մնայ կանգուն եւ կենսունակ, կորովի եւ կազմակերպ, Սփիւռքին համար, Հայաստանին համար, բովանդակ հայութեան գերագոյն շահերուն եւ իտէալներուն կենսագործման համար։
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ