
Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 162րդ յօդուածի 2րդ մասով՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրեց հրամանագիր մը, ըստ որուն, նախաձեռնուած է Սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացի՝ ռազմական դրութեան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու պարագային Ազգային ժողովին կողմէ նախագահի ընտրութեան եւ անոր առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ:
Ըստ «Արմէնփրէս«ի՝ Արցախի նախագահի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան միջոցով կը տեղեկացուի, որ 13 Փետրուարին Արցախի Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի քննարկման:
Միւս կողմէ, Արցախի մէջ շրջափակումը արդէն 60րդ օրը շրջանցեց եւ վիճակը կը շարունակէ ծանրանալ, եւ մարդասիրական ճգնաժամը՝ խորանալ: Յարութիւնեան յայտարարութեամբ մը դիմեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը համանախագահող Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսային, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային հանրութեան բոլոր անդամներուն՝ միասին կամ առանձին-առանձին արդիւնաւէտ միջոցներու ձեռնարկելու Արցախի կեանքի ճամբան բացալու եւ նոր յանցագործութիւններ կանխելու ուղղութեամբ:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը նաեւ յորդորեց պատժամիջոցներ սահմանել Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուող յանցագործութիւններու բոլոր հեղինակներուն, աջակցողներուն եւ Ատրպէյճանի պետութեան դէմ՝ այլ պատժամիջոցներու կողքին արգիլելով անոնց մուտքը սեփական տարածքներ եւ սառեցնելով անոնցնց երկիրներուն մէջ գտնուող շարժական եւ անշարժ գոյքը:
«Ադրբեջանի կողմից Արցախի ժողովրդի էթնիկ (ցեղային) զտման փորձը մտնում է մարդկութեան դէմ (erga omnes) յանցագործութիւնների իրաւական հասկացութեան մէջ: Դրա կանխումը բարոյական, իրաւական եւ քաղաքական պարտաւորութիւն է, որը պարտադիր է Միաւորուած Ազգերի Կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը ստորագրած բոլոր կողմերի համար: Ուստի, միջազգային հանրութեան իւրաքանչիւր անդամի պարտաւորութիւնն է առաւելագոյնը կատարել նաեւ Արցախի ժողովրդի պաշտպանութեան եւ սեփական հայրենիքում արժանապատուօրէն ապրելու համար», կ՛ըսուի Յարութիւնեանի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Ողջունելով բազմաթիւ երկիրներու գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու յստակ կոչերը Ատրպէյճանին՝ անյապաղ եւ անվերապահ կերպով վերացնելու շրջափակումը՝ Յարութիւնեան կը շեշտէ. «Այդ պահանջներն ու դիրքորոշումները, սակայն, քիչ ազդեցութիւն են ունենում Ադրբեջանի մոլեռանդ ու ատելութեամբ լեցուն անզիջողականութեան պայմաններում։ Ահա՛ թէ ինչո՛ւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է խօսքից անցնի գործի, ինչպէս նա վարւում է այլ տարածաշրջաններում՝ ցեղասպանութեան վաղ ահազանգող նշանների առկայութեան դէպքում», դիտել կու տայ Յարութիւնեան: