ԵՈՔՈՀԱՄԱ, «Ռոյթըրզ».- Աշխարհի ակումբներու բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումին՝ Կիրակի, Դեկտեմբեր 17ին, Եւրոպայի ախոյեան «Պարչելոնա» 0-1 արդիւնքով տեղի տուաւ լատին Ամերիկայի ախոյեան՝ պրազիլիական «Ինթերնասիոնալ» խումբին դիմաց։ Մրցումին որբ կոլը նշանակեց Ատրիանօ՝ 80րդ վայրկեանին։ Մրցումը տեղի ունեցաւ 67 հազար համակիրներու ներկայութեան։
1992ին սպանական խումբը Քրույֆի ղեկավարութեամբ դարձեալ հասած էր այս մրցաշարքի աւարտականին եւ օրին եւս տեղի տուած էր պրազիլիական ակումբի մը՝ «Սաօ Փաուլօ»ի դիմաց։ Անցեալ տարի եւս «Սաօ Փաուլօ» աւարտականին պարտութեան մատնած էր Եւրոպայի ախոյեան «Լիվըրփուլ»ը։
Նկարին մէջ, պրազիլցիները կը տօնեն իրենց յաղթանակը: