Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 15 Փետրուարին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալ Քերըն Տանֆրիտի հետ: Անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակը եւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցային գործընթացի հեռանկարները: Այս մասին կը յայտնէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ասիկա պաշտօնեաներուն մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ հեռաձայնային զրոյցն է:
Պայրամով նշեց, որ, «ըստ եռակողմ յայտարարութեան ` Ատրպէյճան կ՛երաշխաւորէ ապահովել քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ապրանքներու տեղաշարժի ապահովութիւնը Լաչինի ճամբով», սակայն, ըստ անոր, Հայաստան այդ ճամբան պիտի օգտագործէ ոչ-մարդասիրական նպատակներով:
Ան յայտարարեց, որ արդէն առաւել քան երկու ամիսէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախը Հայաստանին կապող միակ` Լաչինի միջանցքը փակած «ցուցարարներուն պահանջները տակաւին չեն բաւարարուած»:
Պայրամով անհիմն նկատեց տարածաշրջանին մէջ «լարուած մարդասիրական» իրավիճակի մասին պնդումները:
Ասոր զուգահեռ, Պաքու յայտարարեց, որ Խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւններուն ընթացքին «Հայաստանի նախաձեռնութիւնը` ստեղծելու Ղարաբաղի մէջ բնակող հայութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան միջազգային գործիքակազմ», եւ այդ մասին դրոյթ ներառելու ջանքերը խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին մէջ «բոլորովին անհիմն են, իսկ այդպիսի փորձերը` անիմաստ»։
«Այս ջանքերը ցոյց կու տան, որ Հայաստան, հակառակ միջազգային իրաւունքի եզրերուն եւ սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Փրակի եւ Սոչիի պայմանագիրներուն, ըստ որոնց` երկիրները փոխադարձաբար կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, տակաւին չէ հրաժարած Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջներէն», արձագանգելով Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութեան` ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատեն` աւելցնելով, որ այդ մէկը Ատրպէյճանի ներքին գործն է։
Պայրամով անգամ մը եւս մեղադրեց Երեւանը՝ խաղաղութեան հարցին մէջ անկեղծ չըլլալուն մէջ՝ շեշտելով նաեւ, որ «Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պիտի երաշխաւորուին ըստ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան»: