Ձմրան ցուրտին Արցախի մէջ կազի մատակարարումը դարձեալ դադրած է: Ատրպէյճան 15 Փետրուարին անգմ մը եւս խափանեց կազի մատակարարումը: Հայաստանէն Արցախ հասնող ելեկտրականութեան միակ գիծը վնասուած էր 9 Յունուարէն: Բնակիչներուն անիկա հասանելի է օրական քանի մը ժամ:
Ջեռուցման եւ ուտելիքի բացակայութեան պատճառով, Դեկտեմբերի աւարտէն փակ են Արցախի մանկապարտէզները: Դպրոցները մասամբ կը բանան իրենց դռները՝ հիմնականին մէջ աւագ դասարանները, որոնք աւարտական փուլին մէջ են, եւ փայտէ վառարաններով կը տաքցնեն դպրոցը:
«Մանկապարտէզները վաղուց են փակ, մինչեւ Նոր տարի՝ արդէն Դեկտեմբերի 29ին պարզ դարձաւ, որ Նոր տարուց յետոյ մենք չենք կարողանալու բացել, որովհետեւ սննդի մատակարարում չկայ եւ այլն, այսինքն՝ դպրոցներն արդէն Նոր տարուց յետոյ չենք վերաբացել», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Արցախի կրթութեան նախարար Յասմիկ Մինասեան՝ աւելցնելով, որ մտադիր են յաջորդ շաբաթուընէ բանալ բոլոր դպրոցները, ինչ ալ ըլլան պայմանները:
Փայտէ վառարաններով ջեռուցուող դպրոցներուն մէջ քանի մը հերթերով կը կազմակերպեն դասերը, կը փորձեն բոլորը տեղաւորել։ «Որտեղ երկրորդ հերթ ա ազատ, կամ նոյն դպրոցներում, որտեղ վառարան ենք տեղադրել 9-12րդ դասարանների համար, մենք երկրորդ հերթով նոյն դպրոցների աշակերտներին փորձելու ենք բերել: Եւ մօտակայ օրերը երեւի բոլոր դպրոցները արդէն կը գործեն», ըսաւ Մինասեան:
Ասոր զուգահեռ, Արցախը աշխարհին կապող միակ ճամբան փակ է արդէն 67 օրերէ ի վեր, 120 հազար արցախցիներ առաւել քան երկու ամիսէ ի վեր զրկուած են կեանքի տարրական իրաւունքներէն: Ուտելիք որոշ տեսակներ մարդոց հասանելի են միայն կտրօններով, եւ տակաւին պտուղի եւ բանջարեղէնի պակաս կայ: Քանի մը օրէն պտուղը, բանջարեղէնը, ձուն եւ լուացքի փոշին ալ պիտի դառնան կտրօնով. ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին 15 օրուան համար 3 քիլոկրամ բանջարեղէն ու 2 քիլոկրամ պտուղ բաժին պիտի իյնայ։ «Մարդիկ գիտեն, որ կտրօններով կը կարողանան իրենց հասանելի չափաբաժնով սնունդ ստանալ, եւ մի փոքր այդ հարցում հանգիստ է աւելի այս պահին», ըսաւ Բերքաձորի բնակիչ Անին:
Մարդասիրական բեռն ալ Արցախ դժուարութեամբ կը հասնի, Ամանորի համար նախատեսուածը քանի մը օր առաջ Արցախ հասաւ. Դեկտեմբերէն Գորիս կը գտնուի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի եւ այլ բարեգործական ընկերութիւններու բեռը: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի մօտ Արցախի ներկայացուցչութենէն:
«Անցած շաբաթ ռուս խաղաղապահների միջնորդութեամբ, իրենց ուղեկցութեամբ ու իրենց մեքենաներով համահայկական հիմնադրամի ուղեբեռից 100 տոննայից 60 տոննան արդէն իսկ տեղափոխուել է Արցախ», ըսաւ Հայաստանի մօտ Արցախի ներկայացուցչութեան քարտուղար Արմինէ Հայրապետեան:
»Ադրբեջանն օգտագործում է այս մարտավարութիւնը՝ հասնելու Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանմանը«, »Թուիթըր«ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի կազամատակարարման խափանումներուն:
»Ձմեռային ցրտաշունչ ջերմաստիճանի պայմաններում եւ գերբեռնուած էներգացանցով (ելեկտրականութեան ցանցով) Ադրբեջանն օգտագործում է այս մարտավարութիւնը վախ, անորոշութիւն եւ անբնակելի պայմաններ ստեղծելու համար, որպէսզի հասնի իր վերջնական նպատակին՝ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանմանը«, ըսաւ Վարդանեան: