ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլէրի անցնող շաբաթավերջին Անգարա այցելութիւնը Եւրոմիութեան անդամակցութեան ուղիին վրայ յուսախաբութիւններ ապրող Թուրքիոյ համար եղաւ որոշ չափով «մխիթարական»։ Պլէր, որ Թուրքիոյ անդամակցութեան ամէնէն ջերմ պաշտպաններէն մէկն է, Անգարայի մէջ դարձեալ ունեցաւ արտայայտութիւններ, որոնք Թուրքիոյ սպասածներն էին։ Պլէր Թուրքիոյ հանրային կարծիքը ուրախացուց յայտնելով, որ գրաւեալ Կիպրոսի թուրքերուն հետ ուղղակի առեւտուր պէտք է կատարուի, հիւսիսային Կիպրոսի դէմ շրջափակումները պէտք է ջնջուին ու Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները պէտք է վերակենդանանան։
Սակայն, այս «պէտք է»ներէն ետք երբ կարգը եկաւ գործադրութեան, Պլէր չկրցաւ այնքան ինքնավստահ խօսիլ։ Երբ հարց տրուեցաւ, թէ Պլէր պիտի ուզէ՞, որ Լոնտոնի ու գրաւեալ Կիպրոսի միջեւ օդային ուղղակի գիծ հաստատուի, ան դիտել տուաւ, որ այս մասին պարտաւոր է միջազգային իրաւագիտութեան կարծիքները նկատի առնել եւ իրաւագէտները շատ հաւանաբար հակառակը պիտի յանձնարարեն:
Այդ պատճառով, ի հեճուկս իր ցանկութեան, ոչի՛նչ կրցաւ խոստանալ այդ մասին։
Թոնի Պլէրի այս յայտարարութեանց դէմ Կիպրոսէն նախագահ Թասսոս Փափատոփուլոս ըսաւ. «Այլեւս վարժուեցանք անգլիացիներու կողմէ Թուրքիոյ ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան։ Անգլիացիները երեք տարիէ ի վեր կ՚աշխատին Թուրքիոյ ու Կիպրոսի թուրքերուն համար, բայց դեռ չկրցան յաջողիլ»։
Նկարին մէջ, Պլէր եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցը միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: