
Միւնիխի ապահովական համաժողովի իր ելոյթին ընացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Հայաստան կրնայ դեր խաղալ` Ռուսիոյ «նոր գաղութատիրական» նկրտումները ճնշելու մէջ` հաստատելով, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ կանգնիլ Հայաստանի կողքին:
Մաքրոն իր մատնանշումներուն մէջ լուսարձակի տակ առաւ ռուս-ուքրանական պատերազմը, որուն առաջին տարին պիտի ամբողջանայ, սակայն բացայայտօրէն փորձեց Հայաստանը Ռուսիոյ դէմ գրգռել։ Ֆրանսայի նախագահը նաեւ կրկնապատկեց Ռուսիոյ հասցէին իր քննադատութիւնը՝ դիտել տալով, որ իր երկիրը պիտի աջակցի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ, ըստ Մաքրոնի, կրնայ սահմանափակել Ռուսիոյ «անկայունութիւն տարածելու» փորձերը, նաեւ՝ Կովկասի մէջ։
«Քանի մը օրէն պիտի ամբողջանայ Ուքրանիոյ վրայ ռուսական ապօրինի յարձակման առաջին տարին, եւ հակառակ անոր որ մենք չենք կրնար վերջնական եզրայանգումներ կատարել, կրնանք այս տարին ամփոփել եւ կիսել որոշ հեռանկարներ: Բնականաբար, ելոյթիս առանցքը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ սանձազերծած պատերազմը, բայց պէտք է նշեմ, որ մենք չենք մոռնար Կովկասի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ ընթացող պատերազմները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, միջուկային ապահովութեան եւ այլ հարցեր: Մեր այսօրուան առաքելութիւնն է բացատրել եւ բացայայտ դարձնել, որ Ռուսիա անկայունութիւն եւ քաոս տարածող ուժ է, եւ անիկա այս մէկը կ՛ընէ ոչ միայն Ուքրանիոյ մէջ, այլ նաեւ Կովկասի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Մենք ինչպէ՞ս կրնանք հաւատալ, որ Կովկասի մարտահրաւէրները կրնան յաղթահարուիլ այն նոր գաղութատիրական Ռուսիոյ կողմէ, զոր ես քիչ առաջ նկարագրեցի: Ես այս մէկը կ՛ըսեմ իմ ընկերոջս` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեան, որուն կողքին կը շարունակենք ըլլալ եւ կը շարունակենք գործել»:

Միւնիխի ապահովական համաժողովի ծիրին մէջ. Փաշինեան կարճատեւ հանդիպում ունեցաւ Մաքրոնի հետ։
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն յայտնեցին, որ զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու շուրջ։
Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ, որ իր կարգին հանդիպեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։