
Շաբաթ, 18 Փետրուարին, Միւնիխի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրասիոյ հարցերու տեղակալ Քերըն Տենֆրիտ եւ Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական Լուի Լ. Պոնօ:
Պլինքըն հանդիպումէն առաջ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը վստահ է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները պատմական կարելիութիւն ունին հասնելու կայուն խաղաղութեան: »Մենք կը կարծենք, թէ Ատրպէյճան եւ Հայաստան իսկապէս պատմական կարելիութիւն ունին հաստատելու կայուն խաղաղութիւն առաւել քան 30 տարիներու տագնապէն ետք: Կողմերը դարձեալ կեդրոնացան խաղաղ հոլովոյթին վրայ, ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպական Միութեան եւ մեզի հետ: Միացեալ Նահանգները պատրաստ է ամէն ինչ ընելու, որպէսզի աջակցինք այս ջանքերուն՝ ըլլայ այդ ուղղակի կերպով մեր ընկերներուն հետ, ըլլայ այդ այսպիսի եռակողմ ձեւաչափով, թէ միջազգային այլ գործընկերներու հետ«, յայտնեց Պլինքըն:
Ան չյստակացուց, թէ միջազգային ո՛ր գործընկերներուն մասին է խօսքը:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերող աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ շրջանային փոխադրամիջոցներու ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման եւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման իրականացման՝ Փրակի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան համաձայն:
Փաշինեան վերահաստատեց հայկական կողմին մտադրութիւնը՝ հասնելու ստորագրութեան այնպիսի համաձայնագիրի մը, որ պիտի երաշխաւորէ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը: Ան նոյն ատեն ընդգծեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման եւ անոր իբրեւ արդիւնք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յառաջացած մարդասիրական, բնապահպանական եւ ուժանիւթային ճգնաժամի փաստը: Ան կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի շարունակականութեան ապահովումը:
Միւնիխի հանդիպումէն ետք, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ալիեւ յայտարարեց, որ հայկական կողմին պաշտօնապէս առաջարկած է հսկիչ անցագրային կէտեր տեղադրել Լաչինի եւ Հայաստանի միջեւ: «Ես անգամ մը եւս ըսի, որ շրջափակման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», շեշտեց ան:
Ըստ Ալիեւի՝ Հայաստան տակաւին չէ արձագանգած իր առաջարկին: Ան եռակողմ հանդիպումը «արդիւնաւէտ» որակեց: «Շատ հարցեր քննարկուեցան, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հարցը եւ փաստաթուղթի ստորագրութեան պայմանները: Անշուշտ, ես վերահաստատեցի իմ դիրքորոշումը: Գլխաւորը այն է, որ խաղաղութեան այդ համաձայնագիրը պէտք է կնքուի միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն եւ արժեչափերուն հիման վրայ«, ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով. »Երեք օր առաջ մենք Հայաստանէն մեր առաջարկներուն վերաբերեալ նոր պատասխաններ ստացանք. մենք զանոնք վերջնական տեսքի կը բերենք, առաջին հայեացքով Հայաստանի դիրքորոշման մէջ յառաջընթաց կայ, սակայն անիկա բաւարար չէ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, մեկնաբանելով հանդիպումը՝ ըսաւ. «Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այսօր (18 Փետրուար) Միւնիխի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմ խաղաղ բանակցութիւնները զարգացնելու նպատակով: Ան ի գիտութիւն ընդունեց այն զգալի յառաջընթացը, որուն երկու կողմերը հասան վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ, եւ Եւրոպական Միութեան նախագահ Շարլ Միշէլի առաջարկը՝ կողմերը Պրիւքսելի մէջ հիւրընկալելու: Քննարկման ընթացքին արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց Լաչինի միջանցքով ազատ ու բաց առեւտրական եւ սեփական տարանցման անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ կողմերուն կոչ ուղղեց՝ փոխադրամիջոցներու այլ ուղիներ բանալու»: