Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան բանտարկուած նախկին համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ T24 կայանի լրագրողին հարցումին պատասխանելով՝ ըսաւ, որ այս տարի նախատեսուած խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները պէտք չէ յետաձգուին երկրաշարժին պատրուակով։ Ան շեշտեց, թէ ընտրութիւնները յետաձգել կը նշանակէ պետական յեղաշրջում կատարել եւ անտեսել ժողովուրդին կամքը:
Ըստ երկրի սահմանադրութեան՝ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան 18 Յունիսէն առաջ. նախքան երկրաշարժը, նախագահ Էրտողան առաջարկած էր զանոնք կատարել 14 Մայիսին, սակայն այժմ կասկածներ կան, որ երկրաշարժին պատճառով, իշխանութիւններուն դէմ քննադատութիւններուն բերելիք աննպաստ արդիւնքներու մտավախութեամբ, Էրտողան կրնայ ընտրութիւնները յետաձգել։