ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Կարմիր Մահիկի մօտաւորապէս 30 անդամներու առեւանգումէն ետք, կազմակերպութիւնը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18ին յայտարարեց, թէ որոշած է աշխատանքները դադրեցնել երկրին մայրաքաղաքին մէջ:
Յատկանշական է, որ Իրաքի Կարմիր Մահիկի փոխնախագահ տոքթ. Ճամալ Քարպուլի քանի մը օր առաջ յայտնած էր, թէ մարդասիրական աշխատանքներուն սպառնացող մեծագոյն վտանգը կու գայ ոչ թէ Իրաքի հակամարտ զինեալ խմբաւորումներէն, այլ ամերիկեան ուժերէն:
Ժընեւի մէջ, Միջազգային կարմիր խաչի ժողովին ընթացքին Քարպուլի ըսաւ, որ կը թուի, թէ ամերիկացիք չեն գիտեր, որ Կարմիր խաչի փոխարէն Կարմիր մահիկով խորհրդանշուող կազմակերպութիւնը մաս կը կազմէ նոյն միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան:
«Մեր ունեցած գլխաւոր դժուարութիւնը ամերիկեան ուժերուն հետ է: Ըմբոստ ուժերը եւ զինեալ միլիսները չեն սպառնար մեր աշխատանքներուն, ո՛չ ալ կը դժուարացնեն զանոնք. անոնց մեծ մասը իրաքցի է եւ կը յարգէ իրաքցիները, կը յարգէ մեր անկողմնակալութիւն, մանաւանդ մեր աշխատանքը», ըսաւ ան:
Քարպուլի աւելցուց, որ իր կազմակերպութիւնը շատ ժամանակ եւ մեծ ճիգ կը վատնէ՝ իր ինքնութիւնը բացատրելով ամերիկացիներուն: Ան գանգատեցաւ, որ Պաղտատի, Անպարի եւ Նաժաֆի մէջ կազմակերպութեան գրասենեակներն ու կեդրոնատեղիները «յաճախակիօրէն» յարձակումներու կ՚ենթարկուին ամերիկեան ու բազմազգեան ուժերուն կողմէ:
«Ունինք դրօշը. ունինք խորհրդանշանը. անոնք գիտեն մեր ո՛վ ըլլալը: Այսուհանդերձ, դժբախտաբար, անոնք կրկին ու կրկին կը յարձակին մեր վրայ», ըսաւ ան:
Քարպուլի բացատրեց, որ կազմակերպութեան կեդրոնատեղիները խուզարկելու պատրուակով յաճախակի այցելութիւններէն իւրաքանչիւրին ընթացքին կը կոտրտեն դուռներն ու պատուհանները, կը վնասեն ինչքերուն, ոչինչ կը գտնեն ու կը մեկնին… կրկին վերադառնալու համար:
Նկարին մէջ, Կարմիր Մահիկի անդամները կը բողոքեն առեւանգումին դէմ: