Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ յառաջիկայ օրերուն Պրիւքսէլի մէջ կ՛ակնկալուի Հայաստան-Ատրպէյճան հանդիպում մը:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ, հակառակ անոր որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը 22 Փետրուարին, Ատրպէյճանին բառացիօրէն կոչ ուղղեց՝ հրաժարելու Հայաստանի տարածքին նկատմամբ նկրտումներէն եւ գալու բարեխիղճ բանակցութիւններու դաշտ, ըստ ամերիկացիներուն՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան վերջին քանի մը ամիսներու բանակցութիւններուն զգալի յառաջընթաց արձանագրած են:
Փրայս ըսաւ, որ յոյս ունին տեսնելու այդ յառաջընթացին շարունակութիւնը: «Ասիկա կողմերու փոխգործակցութեան արդիւնքն է: Ասիկա Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմ եւ եռակողմ ներգրաւուածութեան արդիւնք է, նաեւ այն աշխատանքին, զոր Եւրոպական Միութիւնը տարաւ իր դիւանագիտական ջանքերով, եւ զոր մենք յոյս ունինք տեսնելու, երբ կողմերը յառաջիկայ օրերուն հանդիպում ունենան Պրիւքսէլի մէջ՝ Եւրոպական Միութեան նախագահ Միշէլի հիւրընկալած բանակցութիւններուն ընթացքին», յայտնեց ան:
Փաշինեան-Ալիեւ վերջին բանակցութիւնները կազմակերպած, նաեւ անոնց մասնակցած ամերիկեան կողմի ներկայացուցիչը, սակայն, ո՛չ օրը, ո՛չ ալ ձեւաչափը ճշդեց՝ արդեօք խօսքը ղեկավարներո՞ւ հանդիպման մասին է:
Վարչապետի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արմէն Խաչատրեան »Ազատութեան« հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ հանդիպման մասին այս պահուն տեղեկութիւն չունի: