Արցախի գլխաւոր դատախազ Գուրգէն Ներսիսեան 24 Փետրուարին, հրաժարականի դիմում ներկայացուց: Այս մասին յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան:
Հրաժարականի պարագային, գլխաւոր դատախազի լիազօրութիւնները կը դադրին, եթէ հրաժարականի դիմումը ներկայացուելէն ոչ ուշ, քան մէկ շաբաթուան ընթացքին, դարձեալ հրաժարականի դիմում ներկայացուի:
23 Փետրուարին, պետական նախարարի պաշտօնէն հեռացուեցաւ Ռուբէն Վարդանեան: Աւելի կանուխ յայտնի դարձած էր, որ Արայիկ Յարութիւնեան Գուրգէն Ներսիսեանին առաջարկեց ստանձնել այդ պաշտօնը, սակայն վերջինը պաշտօնապէս չյայտարարեց, թէ կ՛ընդունի այդ առաջարկը: