
Արցախի վրայ 2020ին սանձազերծուած պատերազմին վարձկաններ ներգրաւելնուն համար ՄԱԿէն մեղադրանքներ ուղարկուեցան Ատրպէյճանին ու Թուրքիոյ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այս մասին յայտնեցին Վարձկաններու կիրարկման հարցերու ՄԱԿի աշխատանքային խումբի Հայաստան ժամանած անդամները:
Նշեալ խումբը կազմուած է ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու խորհուրդին նախաձեռնութեամբ: Աշխատանքային խումբի յանձնարարութիւնը ընդարձակ է. անիկա կ՛ընդգրկէ վարձկաններու ներգրաւումը եւ մասնաւոր ռազմական ու պահնորդական ընկերութիւններու օգտագործումը՝ մարդու իրաւունքներու խախտումներու տեսանկիւնէն: Այս ծիրին մէջ, աշխատանքային խումբը կ՛այցելէ տարբեր երկիրներ, այս պարագային Հայաստան այցելութիւնը անոնցմէ մէկն է: Խումբը տարբեր աղբիւրներէ կը ստանայ հաղորդումներ՝ մարդու իրաւունքներու խախտումներու վերաբերեալ:
«Մեր խումբը 2020ին արդէն ստացաւ հաղորդում՝ վարձկաններու օգտագործման վերաբերեալ: Եւ այդ ժամանակ մենք արդէն արձագանգեցինք, գործեցինք եւ համապատասխան հաղորդագրութիւն ներկայացուցինք», ըսաւ խումբի անդամ Ելենա Ապարակ: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայ դրութեամբ՝ իրենց հասած տեղեկատուութիւնը հիմնականին մէջ կը վերաբերի երկու վարձկաններու, որոնք գերի ինկած են, եւ որոնց մեղադրանք ներկայացուեցաւ, դատական գործընթաց սկսաւ եւ լսումներ կատարուեցան: «Մենք այդ բոլորին մասին տակաւին տեղեկատուութիւն կը հաւաքենք», ըսաւ ան:
Խումբը կը գործէ իրեն տրամադրուած տեղեկատուութեան հիման վրայ՝ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ կամ որեւէ այլ աղբիւրէ:
Ապարակ դիտել տուաւ, որ իրենք կը յղեն «Մեղադրական նամակ», զոր Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ առաքած են 2020ին:
Աշխատանքային խումբը դիմում ներկայացուց՝ Ատրպէյճան այցելելու նպատակով, բայց տակաւին պատասխան չէ ստացած: