Պերլինի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց ունեցան հանդիպում մը, որուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Շոլց կարեւոր նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը յարգելը: Խօսելով հայ-ատրպէյճանական տագնապի լուծման մասին՝ ան երկու անգամ շեշտեց, որ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը հաւասարազօր են:
«Մենք մտահոգ ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին անկայուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հետզհետէ սրող մարդասիրական իրավիճակով: Սթաթուս քոն (հաստատուած իրավիճակը) չի կրնար երկար շարունակուիլ, պէտք է յանգիլ երկարաժամկէտ, ի բարօրութիւն մարդոց լուծման: Անհրաժեշտ է հասնիլ խաղաղ հանգուցալուծման՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման տեսանկիւնէն: Ընդ որում, այս բոլոր սկզբունքները հաւասարազօր են», յայտարարեց Շոլց:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան տեղակայման. պատասխանելով այն հարցումին, թէ Երեւանի ու Պրիւքսէլի օրակարգին վրայ նաեւ՝ ապահովութեան բաղադրիչը նկատի ունենալով, նոր պայմանագիրի հարց կը քննարկուի՞ Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը նաեւ պիտի փաստաթղթաւորուի:
Շոլց եւրոպացի դիտորդներու թիւի յաւելումը չբացառեց՝ յայտնելով. «Շատ հպարտ եմ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեամբ. անիկա մեծ ներդրում պիտի ունենայ: Մենք կը զարգացնենք այդ առաքելութիւնը եւ կը տեսնենք»:
Փաշինեան յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան նիւթը եղաւ Շոլցի հետ իրենց քննարկման հարցերէն մէկը՝ դիտել տալով, որ Հայաստան շատ ուրախ է ու շնորհակալ տրուած որոշումին համար:
«Այժմ Եւրամիութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը կարգաւորւում է փոխադարձ պաշտօնական նամակներով, բայց մենք ունենք նաեւ պայմանաւորուածութիւն, որ այդ ներկայութիւնը եւ միսիան (առաքելութիւնը) կարգաւորող պայմանագիր պէտք է քննարկուի, բանակցուի եւ ստորագրուի: Եւ ես կարծում եմ նաեւ, որ մոնիտորինգի (դիտարկման) առաքելութեան ներկայութիւնը կարգաւորող փաստաթուղթ մենք առաջիկայում հնարաւոր է ստորագրենք: Առաջիկան՝ երբ որ մենք կը բանակցենք եւ ընդհանուր համաձայնութեան կը գանք արդէն իսկ ձեռք բերուած համաձայնութիւնների ձեւակերպումների շուրջ», յայտարարեց Փաշինեան:
Ան էական նկատեց Լաչինի միջանցքը ու Արցախ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը՝ միջազգային հանրութեան իրավիճակը աւելի համապարփակ կերպով ծանօթացնելու համար:
Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ կառավարութեան՝ Հայաստանի մէջ նոր՝ Եւրոպական Միութեան երկարաժամկէտ մշտադիտարկման առաքելութիւն տեղակայելու որոշման աջակցելուն համար, եւ յայտնեց, թէ համոզուած է, որ այդ առաքելութիւնը էական դերակատարութիւն կ՛ունենայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատման առումով:
Փաշինեանի եւ Շոլցի քննարկումներու առանցքային նիւթերէն եղաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովական իրավիճակը եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
«2020թ. Նոյեմբերի 9ին յայտարարութեան ստորագրումից յետոյ Հայաստանը ջանք չի խնայել Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորմանը հասնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնն ապահովելու համար: Ցաւօք, ադրբեջանական կողմը բանակցութիւններին բարեխղճօրէն ներգրաւուելու փոխարէն շարունակում է իր ապակառուցողական քաղաքականութիւնը, սպառնում է Հայաստանի ժողովրդավարութեանը՝ խաթարելով մեր կառավարութեան ջանքերը՝ ուղղուած Հարաւային Կովկասում խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատմանը: Այսօր ամենահրատապ խնդիրն այն է, որ Ադրբեջանի կողմից 2022թ. Դեկտեմբերի 12ից փակուել է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը, որի հետեւանքով 120 հազար բնակիչներ յայտնուել են փաստացի շրջափակման մէջ», ըսաւ Փաշինեան:
Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի այս գործողութիւնները 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում են. անոնք ժողովուրդը ցեղային զտման ենթարկելուն ուղղուած Ատրպէյճանի լայնածաւալ եւ համակարգուած քաղաքականութեան մէկ մասը կը կազմեն:
Փաշինեան յիշեցուց, որ 22 Փետրուարին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը իրաւականօրէն պարտաւորեցնող որոշում տուաւ Ատրպէյճանի դէմ, որուն միջոցաւ պարտադրեց ձեռնարկել անհրաժեշտ բոլոր միջոցներու՝ ապահովելու Լաչինի միջանցքով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը:
«Կոչ ենք անում մեր միջազգային գործընկերներին գործուն քայլեր ձեռնարկել՝ ապահովելու Ադրբեջանի կողմից դատարանի որոշման անյապաղ իրականացումը: Կարեւորում ենք Գերմանիայի՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան եւ համամարդկային արժէքների պահպանման երկրի յստակ դիրքորոշումը, որը կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասում կայունութեանն ու խաղաղութեանն ուղղուած Հայաստանի ջանքերին», ըսաւ Փաշինեան:
Լրագրողները Փաշինեանին հարցուցին ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ նկատմամբ արեւմտեան պատժամիջոցները Հայաստանի միջոցով շրջանցելու կարելիութեան մասին: Փաշինեան բացառեց ստուերային քայլերը՝ ըսելով «Ինչ վերաբերում է սանկցիաները (պատժամիջոցները) շրջանցելու հետ կապուած խօսակցութիւններին՝ ես պիտի ընդգծեմ, որ դրանք աւելին չեն, քան խօսակցութիւնները: Իրականութիւնը ուղիղ հակառակն է, եւ ես պիտի ձեզ բերեմ մի օրինակ, որ անցեալ տարուայ գարնանը արեւմտեան մի սեփականատէր Հայաստանի Հանրապետութիւնից է վերցրել կամ իր տիրապետութեան տակ վերցրել Ռուսաստանի Դաշնութեան աւիաընկերութիւններից մէկի կողմից օգտագործուող օդանաւ»:
Շոլց յատուկ կերպով շեշտեց, որ Հայաստանի ղեկավարին հետ բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան Ռուսիոյ նկատմամբ արեւմտեան պատժամիջոցներու շրջանցման նիթը՝ ըսելով «Բնականաբար, մենք խօսեցանք այս հարցին մասին. Գերմանիան կը հետեւի իրավիճակին»: