Պաշտօնական Ստեփանակերտ դատապարտեց ատրպէյճանական կողմի սադրանքները, որոնք կը կատարուին Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարին միջնորդութեամբ տեղի ունեցած Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումէն անմիջապէս ետք:
«Արցախի ապօրինի շրջափակումն անյապաղ վերացնելու անհրաժեշտութեան համատեքստում հումանիտար (մարդասիրական) եւ ենթակառուցուածքային հարցերով կողմերի միջեւ կայացած քննարկումների ֆոնին (խորապատկերին) Ադրբեջանի գործողութիւններն ակնյայտօրէն վկայում են Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ իր` այդ թւում նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումից բխող յանձնառութիւններն անվերապահօրէն կատարելու չկամութեան մասին», կ՛ըուի Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ միջազգային հանրութիւնը շարունակէ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու յստակ միջոցներու կիրարկումը` զսպելու վերջինիս ապակառուցողական գործողութիւնները եւ մտադրութիւնները, «որոնք միտուած են հարցերն ուժային ճանապարհով լուծելուն»:
Նախորդ օրերուն, ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զինուժը կրակ բացած է գարնանացանի սկսած արցախցիներու ուղղութեամբ, իրենց արտերուն մէջ գործող քարշակ վարող երկրագործներուն վրայ։